ԴԱՆԻԷԼ ԱՍՈՐԻ (107)

Հարկաւ Տիրան ինքն ալ զգացուեցաւ, երբոր բորբոքեալ զայրոյթը անցաւ։ Անշուշտ չկրցաւ անտարբեր մնալ, երբոր Թորդանէ եկող գուժկանը՝ Յուսիկի մեռնելուն լուրը բերաւ։ Գուցէ եւ կեղծուպատիր վշտակցութեան եւ տարաժամ համակրութեան նշաններ ալ ուզեց տալ, զինք չքմեղելու, եւ Լուսաւորիչի թոռը սպաննած լինելու եղեռնական արատէն ինքզինքը արդարացնելու համար ազգային ընդհանուր մեղադրանաց առջեւ։ Իբրեւ եկեղեցական շահերու հետամուտ հարկ սեպեց իսկոյն հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը հոգալ, եւ որովհետեւ Լուսաւորչի ազգատոհմէն արժանաւոր մէկ մը չկար, քանի որ Յուսիկի զաւակները եկեղեցականութենէ հեռու կը փախչէին, մտածեց Լուսաւորչին մօտիկ եւ անոր անունին հետ ներքնապէս կապուած անձ մը առջեւ անցընել, եւ անով միտքերը հանդարտեցնել։ Այդ անձն էր Դանիէլ Ասորի, որ Լուսաւորչի անմիջական աշակերտն էր եղած եւ անոր հոգեւոր զաւակ նկատուած էր։ Եպիսկոպոսական աստիճան ունէր ըստ ամենայն հաւանութեան, թէպէտ իբր քահանայ (ԽՈՐ. 199) կամ իբր քորեպիսկոպոս (ԲԶՆ. 36) կը յիշուի պատմիչներէն, որք ստէպ անխտիր կը գործածեն եկեղեցական աստիճաններու կոչումները։ Հիապերետ կոչուած պաշտօնը, որ իրեն կը տրուի (ԽՈՐ. 199), մատակարարական տեսչութիւնն էր Գրիգորի ազգատոհմին կամ հայրապետական աթոռին կալուածներուն վրայ, որոնց գլխաւորն էր Տարոնի Աշտիշատը, որ Դանիէլի գործունէութեան ալ կեդրոնն էր, բայց միեւնոյն պատճառով զինքն Եկեղեաց Թիլի մէջ ալ կը գտնենք։ Դանիէլ լոկ նիւթականին հոգածութեամբ չէր գոհանար, այլ իբր եկեղեցւոյ պաշտօնեայ, եղած տեղերը քարոզութեամբ ալ կը զբաղէր եւ մինչեւ իսկ ի կողմանս Պարսից յօտար տեղիս քարոզեաց սա, եւ անթիւս ի մոլորութենէ դարձոյց (ԲԶՆ. 36)։ Միանգամայն էր սա այր զարմանալի, առնէր նշանս եւ զօրութիւնս մեծամեծս (ԲԶՆ. 37), եւ թէեւ տարիքը առած հինաւուրց ծերունի մը, բայց տակաւին առոյգ եւ անխոնջ՝ արդիւնաւոր կերպով գործի գլուխ կը գտնուէր։ Անիկա բերելու գացին չորս նախարարներ, եւ Եկեղեաց Թիլէն, ուր այն միջոցին կը գտնուէր Դանիէլ, բերին զայն Աղձնեաց Բառաէջ աւանը, ուր եկած էր Տիրան Ծոփաց Բնաբեղէն։ Նպատակնին էր զի կացուսցեն զնա իւրեանց գլուխ առաջնորդ, եւ զի նստցի յաթոռ հայրապետական (ԲԶՆ. 38), ինչպէս Բուզանդ կը գրէ. բայց Խորենացին այդպիսի նպատակի մը խօսք չ’ընէր. եւ միայնո գիտէ. թէ թշնամանեալ անիծիւք Տիրանայ՝ ի ծերունւոյ քահանայէն Դանիէլէ, զայն խեղդամահ սպաննեց (ԽՈՐ. 199)։ Իսկ Բուզանդ ընդարձակ յանդիմանական բանախօսութիւն մը կը դնէ Դանիէլի բերանը, որ Տիրանի առջեւը ելլելով սկսավ մի առ մի յառաջ բերել թագաւորին եւ բոլոր մեծամեծներուն անիրաւութիւնները եւ անառակութիւնները, առաջին հայրապետներուն հրամանները անարգելնին, Յուսիկը սպաննելնին, զոր կ’անուանէ վիճակակալ վիճակի Թադէոսի առաքելոյն, եւ իրենց չարութեան մէջ անզեղջ մնալնին։ Յանդիմանութիւններէն ետքը անիծակուր գուշակութեանց կ’անցնի, թէ թագաւորութիւնը պիտի կործանի, հայրապետութիւնը պիտի վերցուի, ազգը պիտի ցրուի եւ գերութեան պիտի մատնուի, եւ ոչ երբեք պակասեսցէ լուծ չար ստրկութեան ծառայութեանն ի պարանոցաց ձերոց։ Իր խօսքը կը վերջացնէ մերժելով իրեն առաջարկուած պաշտօնը եւ ըսելով, Զիարդ կայցեմ գլուխ ազգի, զոր եթող Տէրն ի ձեռանէ (ԲԶՆ. 39-42)։ Բուզանդ ընդհանրապէս միտեալ է հայերը անարգելու, եւ կարծես թէ իր հակառակութեան եւ ատելութեան լրումը ուզած է յայտնել, Դանիէլի բերանը դնելով իր գաղափարները։ Ինչ ալ ըլլան Բուզանդի յաւելուածները, Դանիէլի յանդիմանութիւնները ծանր եկան Տիրանի, որ զայրոյթով լեցուեցաւ անոր համարձակութեան դէմ, նորէն գրգռեցաւ իր անսանձ կիրքը, եւ քանի որ Լուսաւորչի թոռան իսկ սպաննութեան յանդգնած էր, չկասեցաւ Դանիէլի սպաննութիւնն ալ հրամայլէ, եւ ճոպան ի փողս եդեալ խեղդել տուաւ ծերունին։ Դանիէլի մարմինը առին իր աշակերտներէն երկուքը, Շաղիտա եւ Եպիփան, եւ թաղեցին զայն Հացեաց Դրախտ կոչուած ձորը. որ էր Դանիէլի սովորական ճգնարանը, եւ ուր է այժմ Կոփայ Ս. Դանիէլի վանքը, որուն մէջ պահուած է սուրբին գերեզմանը, զոր մենք ալ տեսած ենք։ Յիշատակը տօնելի է միւս չորս հայրապետներուն հետ, Որդւոց եւ թոռանց օրը, որոնց հետ միացուցած է իբրեւ հոգեւոր եղբայրակից, թէպէտ ոչ մի մարմնաւոր ազգակցութիւն չունի անոնց հետ։

Հատկորոշիչներ՝ Ասորի, Դանիէլ, եկեղեցական

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ (109)

ԱՆՏՈՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻԴԷՍ – Անտոն և Կրօնիդէս ճգնաւորների մասին․

Այդ միջոցին պէտք է դնել երկու նշանաւոր ճգնաւորներուն անունները, որոնք կրնան կրօնաւորական կեանքի նախատիպարը ըսուիլ մեր ազգին մէջ։ Անտոն եւ Կրօնիդէս բնիկ Կեսարացի էին, եւ Լուսաւորիչի այն կողմերէն բերած կրօնաւորներուն եւ եկեղեցականներուն մէջ աւելի նշանաւորներ՝ իրենց սրբակրօն ճգնութիւններով։

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ (108)

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւակները․

Բայց անլոյծ կը մնար հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը, զոր պէտք էր կերպով մը կարգադրել, համաձայն ազգային ըմբռնման, որ տակաւին չէր զատուէր ժառանգական յաջորդութեան գաղափարէն։ Յուսիկ երկու զաւակներ ունէր, որոնց ծնունդը 313-ին դնելով, իրենց հօրը մահուան տարին, 347-ին, 34 տարեկան ժիրուժիր երիտասարդներ էին, որք իրենց հօրը նախկին դիրքէն եւ իրենց արքայազարմ մօրմէն օգտուելով, թագաւորական պալատին մէջ ապրած ու յառաջացած էին։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ (106)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ – Տիրան թագաւորի և Յուսիկ կաթողիկոսի փոխհարաբերութիւնները․

Վերոհիշեալ պատմութիւնները կը համաձայնին եղելութեան գլխաւոր գիծերուն մէջ։ Պատահական տարբերութիւն մըն է, թէ Տիրան պաշտօնապէս հրամայեց ջալոտիւք հարկանել, կամ թէ աւագանին խուժեց բրածեծ ջախջախել. նոյնպէս նաեւ թէ Բնաբեղի մէջ ծեծի տակ հոգին աւանդեց, կամ թէ քիչ ետքը Թորդանի մէջ մեռաւ ծեծին հետեւանօք։