Աշխարհամատրան (կանաչ) կիրակի

ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

– Կանանչ կիրակի – ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԵԱՆՔԻ

Ա.

Զատիկէն յետոյ եկող երկրորդ Կիրակին, այսինքն Յինանց երրորդ Կիրակին, ծանօթ է տօնացոյցի մէջ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ անունով: Այս տօնը յատուկ կ’երեւի լոկ Հայց. Եկեղեցիին: Մեր հայրերը ի՞նչ նկատումով, կամ ի՞նչ նպատակով Յինանց այս Կիրակիին սահմաներ են այս տօնը այնքան ալ յստակ չերեւիր: Մենք կ’ենթադրենք որ այս տօնախմբութիւնը մեր մէջ մնացած արձագանգն է այն պատմական Նաւակատիքի հանդիսութիւններուն, որոնք կատարուեցան աւարտումէն յետոյ՝ Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ կառուցուած եկեղեցիներու – Ծննդեան, Յարութեան, Հանբարձման եւ Վերնատան վայրերուն վրայ: Այդ Նաւակատիքը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ Եպիսկոպոսներով եւ փառահեղ հանդիսաւորութեամբ, յատկապէս Ս. Յարութեան Տաճարի բացման առիթով: Ու պատմական վկայութիւններ կան, որոնք կը հաստատեն թէ այդ Նաւակատիքի տարեդարձային յիշատակութիւնները երկար ատեն պահուած են Եկեղեցիի մէջ, ժամանակ մը յետոյ ձուլուելու համար այլ եկեղեցական տօնախմբութեանց մէջ: Նաւակատեաց այդ յիշատակն է, որ հաւանաբար պահուած է մեր մէջ «Աշխարհամատուռ» անուան տակ, վերածուելու համար ի վերջոյ Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցիի փառաբանութեան տօնին: Օրուան շարականներն ալ լոյս կը սփռեն այս երկու գաղափարներուն վրայ:

Այս Կիրակին թէեւ չունի յատուկ Օրհնութեան շարական, ինչպէս ունէր առաջին Կիրակին, սակայն Հարց շարականը եւ յարակիցները Եկեղեցիի գովերգութիւններ են ընդհանրապէս եւ կամ Եկեղեցիի մէջ Աստուած օրհնելու հրաւէրներ: Ըստ այսմ Հարցի երրորդ տունին մէջ կայ յիշատակութիւնը «Նաւակատիք»ի, եւ ասկէ ետոյ գրեթէ ամէն տունի մէջ յիշատակուած կայ ԵԿԵՂԵՑԻ բառը, «Ի տաճարի սրբութեան փառաւորելու» համար զՔրիստոս:

«Եկայք հաւատացեալք որք ի հեթանոսաց,
Ցնծութեամբ տօնեսցուք զնաւակատիս Ս. Եկեղեցւոյ:
ԶՔրիստոս թագաւորն որ եկաւորի այսօր
Ի Ս. Եկեղեցի, ամենայն ազինք գովեցէք զնա:
Եկայք հաւատացեալք Ս. Երրորդութեանն
Յեկեղեցիս օրհնեցէք զԱստուած»:
 

Նոյն միտքերը կ’արտայայտուին յաջորդող «Ողորմեա» եւ «Տէր յերկնից» շարականներու մէջ: Ուստի եթէ փորձենք կապեր որոնել այս Կիրակիի անուան ու Յինունքի գաղափարին միջեւ դիւրաւ պիտի գտնենք զայն, նախ Ս. Յարութեան Աշխարհամատրան տաճարին, եւ Յինունքի հիմնական գաղափարին – Յարութեան – միջեւ, եւ ապա միւս Աշխարհամատուռին,Վերնատան Խորհուրդին միջեւ:

ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՈՒՌ բառին բառարաններ զանազան իմաստներ կուտան, օրինակ, «պազիլիկա» այսիքն արքունի տաճար, երեւելի մատուռ կամ աւագ եկեղեցի: Այս սահմանումը յատկապէս կը պատշաճի երկու Եկեղեցիներու. նախ՝ Ս. Յարութեան Տաճարին, որ ըստ էութեան, ու մանաւանդ այդ ժամանակներու չափանիշներով, Եկեղեցին էր համայն Քրիստոնէութեան, ուր ուխտի կ’երթային մարդիկ աշխարհի ամէն կողմերէն: Այս սահմանումը առաւելապէս կը լրացնէ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ, որ իսկապէս համաշխարհային հանգամանք ունի, ըլլալով մեր Փրկչի կողմէ իբրեւ «Եկեղեցի» գործածուած միակ վայրը. ուր Յիսուս կատարեց իր վերջին Ընթրիքը, որու ընթացքին հաստատեց Հաղորդութեան Ս. Խորհուրդը: Ուրեմն այն եկեղեցին, ուր առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ նույնինքն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի՝ մեր Յաւիտենական Քահանայապետին կողմէ: Աւետարանները զայն կը կոչեն «վերնատուն մի մեծ եւ զարդարեալ»:

Առաքեալներ, որոնք ձերբակալման գիշերը Յիսուսը ձգած ու փախած էին, կը տեսնենք որ Զատկին օրը արդէն իսկ հաւաքուած են այս վերնատան մէջ ու այստեղը այլեւս իրենց համար սովորական ժամադրավայր կամ հաւաքարան եղած էր, մինչեւ իսկ՝ իրենց «վանքը», Գործք Առաքելոցի բացատրութեամբ: Երբ Յիսուսի համբառնալէն յետոյ Աշակերտները վերադարձան Երուսաղէմ, Գործքի հեղինակը կ’աւելցնէ. «Ելին ի վերնատունն, ուր ՎԱՆՔՆ իսկ էին». Այսինքն այն վերնատունը որ միաժամանակ իրենց օթեւանելու տեղն էր: Այս վերնատան մեջ Ս. Հոգին ընդունեցին՝ Աշակերտները: Եւ վերջապէս այստեղ էր, որ առաջին քրիստոնեաներ «էին հանապաղորդեալք վարդապետութեան առաքելոցն եւ հաղորդութեան եւ բեկանելոյ հացին եւ աղօթից», (Գործ. Բ. 42): Այսինքն կը հաւաքուէին ամէն օր Առաքեալներու ուսուցումը մտիկ ընելու, իրենց հասարակաց կեանքը ապրելու, Հաղորդութեան խորհուրդը կատարելու եւ աղօթելու համար:

Ամբողջացնելու համար վերնատան մասին ըսուելիքները, աւելցնենք որ հաւանաբար այստեղ էր, որ գումարուեցաւ Երուսաղէմի Առաքելական ժողովը (Գործ. ԺԵ.) եւ եղաւ միաժամանակ Առաքելոց վարչական կեդրոնը մինչեւ Երուսաղէմ քաղաքի հիմնայատակ կործանումը 70 թուականին: Այս տեղին վերագիւտը եւ վերաշինութիւնը կը պարտինք Մեծն Կոստանդիանոսի եւ իր մօր Հեղինէին, որոնք ինչպէս գտած եւ հոյակապ տաճարներ կառուցանել տուած էին Յիսուսի Ծննդեան, Յարութեան եւ Համբարձման վայրերուն վրայ, այնպէս ալ վերագտած՝ ու աշխարհամատուռը կառուցած էին վերնատան տեղւոյն վրայ:

Ներկայիս այս վայրը ցոյց կը տրուի Երուսաղէմ քաղաքի Սիոն կոչեցեալ բարձունքին վըրայ, ոչ շատ հեռի Հայոց Ս. Փրկիչ վանքէն: Թէեւ այժմ դուրս կմնայ քաղաքի ներկայ պարիսպներէն, բայց այս մասը՝ յայտնապէս Յիսուսի ժամանակակից Երուսաղէմի պարիսպներէն ներս էր: Այժմ այս սրբավայրը սեպհականութիւն է Իսլամաց: Յատկանշական է որ հրէական ու Քրիստոնէական հնագոյն եւ կարեւորագոյն երկու տաճարները կամ սրբավայրերը այսօր Իսլամաց ձեռքը կը գտնուին:

Ի՛նչ կապ պէտք է գտնենք Յինունքի խորհուրդին եւ վերնատան միջեւ, որպէսզի արդարանար վերջնոյս յիշատակութեան զետեղումը Նոր Կիրակիին յաջորդող միաշաբաթի մէջ: Մենք այս կապը կտեսնենք այն իրողութեան մէջ, որ Յարուցեալ Քրիստոսի երկու կարեւորագոյն՝ կըրնանք ըսել երկու «պաշտօնական» երեւումները, որոնք գրեթէ ի սպառ ցրուեցին տարակոյսի ամէն մշուշ որ մնացած կրնար ըլլալ Առաքելոց մտքին մէջ իրենց Վարդապետի Յարութեան մասին, տեղի ունեցան այդ վերնատան մէջ: Առաջին երեւումը պատահեցաւ նոյնինքն Զատկի երեկոյին: «Միաշաբաթի օրը իրիկուան դէմ, երբ առաքեալները հաւաքուած էին, դռները փակած՝ հրէից վախէն, Յիսուս յանկարծ եկաւ ու կեցաւ անոնց մէջ ու ըսաւ. «խաղաղութիւն ձեզի»: Երբ այս ըսաւ, ցոյց տուաւ անոնց իր ձեռքերը եւ կողը: Երբ աշակերտները իրենց Տէրը տեսան ուրախութեամբ լեցուեցան: Յիսուս կրկնեց «խաղաղութիւն ձեզի» եւ ապա աւելցուց. «ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ»: Ապա փչեց անոնց վրայ ըսելով «Առէք Ս. Հոգին. եթէ մէկու մը մեղքերուն ներում շնորհէք, ներուած պիտի ըլլայ. իսկ եթէ մէկը կապէք, կապուած պիտի մնայ». (Յովհ. Ի. 19-23): Ղուկաս աւելի գունագեղ եւ իրապաշտ տողերով կը ներկայացնէ այս երեւումը (Ղուկ. ԻԴ. 36-49):

Վերոյիշեալ դէպքին Թովմաս Առաքեալ ներկայ չէր: Երբ վերադարձաւ՝ աշակերտակիցները հրճուանքով աւետեցին. «Տէրը տեսանք»: Թովմաս պատասխանեց. «Մինչեւ չտեսնեմ գամերու նշանները Անոր ձեռքերուն վրայ, եւ մինչեւ չդնեմ մատս գամերու նշաններուն վրայ, ու մինչեւ ձեռքս չմխեմ անոր կողը, չեմ հաւատար»: Յաջորդ Կիրակին նորէն հաւաքուած էին աշակերտները, Թովմաս ալ միասին դռներն ալ ապահով կերպով կղպուած: Յիսուս կրկին երեւցաւ նոյն կերպով եւ նոյն ողջոյնի խօսքերով: Ու Թովմաս տեսաւ, հաւատաց ու յայտարարեց. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»: Յիսուս աւելցուց. «դուն տեսար եւ հաւատացիր. երանի անոնց որոնք տեսած չեն ու կը հաւատան»: (Յովհ. Ի. 24-31):

Այս երկու երեւումները, մենք կը նկատենք Յիսուսի յետ յարութեան յայտնութիւններուն ամէնէն վճռականները, եւ կրկնենք՝ «պաշտօնականները»: Միւս յայտնութիւններն ալ բնականաբար կարեւոր արժէք եւ նշանակութիւն ունին, բայց անոնք առհասարակ անհատական բնոյթ ունէին, որոնք սահմանուած էին կա’մ նախապատրաստելու, կա՛մ վերյիշեցնելու, եւ կա՛մ կնքելու վերնատան զոյգ երեւումները, որոնք մին միւսը կը լրացնէին:

Ուրեմն Հայց. Եկեղեցին յիշատակելով ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՈՒՌԸ Յինանց Գ. Կիրակիին, յիշեցնել կ’ուզէ մեզի Եկեղեցիին – ըլլայ շէնք եւ ըլլայ կենդանի հաւաքականութիւն – ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԸ, այսինքն սկզբնաւորութիւնը: Արդարեւ եկեղեցիի մը, իբրեւ շէնք կամ իբրեւ կենդանի հաւաքականութիւն, հիմնական յատկանիշն է, որ իր մէջ յայտնուի Քրիստոս, ինչպէս այնքան իմաստալից կերպով կ’եղանակենք Ս. Պատարագի ընթացքին.

«Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ.
Որ Էնն Աստուած աստ բազմեցաւ…
Խաղաղութեան ձայն հնչեցաւ.
Սուրբ ողջունի հրաման տուաւ…»:

Այն եկեղեցին, ըլլայ շէնք եւ ըլլայ հաւաքականութիւն, ուր կայ Քրիստոսի զգալի ներկայութիւնը, Անոր յայտնութիւնը, յարութիւնը եւ ոգիին յաւիտենական յարատեւութիւնը, անիկա է կենդանի Եկեղեցին եւ Վերնատան շարունակութիւնը:

Բ.

Այս Կիրակին Աշխարհամատուռ անուան քովն ի վեր կը կոչուի նաեւ ԿԱՆԱՆՉ Կիրակի: Գոյն կը մտնէ նաեւ յաջորդ Կիրակիին մէջ, որ կը կոչուի իր կարգին ԿԱՐՄԻՐ Կիրակի: Երկուքն ալ ժողովրդային անպաշտօն անուանադրութիւններ են, գրեթէ զուրկ՝ տօնական յատուկ նշանակութենէ: Այս իսկ պատճառով օրացոյցներու մէջ ալ այս երկու անունները պէտք է դրուին փակագծերու մէջ, ինչպէս արդարեւ եղած է Էջմիածնի օրացոյցի մէջ: Այդպէս է նաւ Նոր Ջուղայի եւ Սաղիմայ օրացոյցներու մէջ: Ս. Փրկչի օրացոյցին մէջ առհասարակ առանց փակագիծի եղած է մինչեւ վերջերս. այդպէս սկսած է ըլլալ նաեւ Անթիլիասի օրացոյցի մէջ 1964–էն ասդին: Ասիկա կ’ենթադրենք որ արդիւնք է անուշադրութեան քան ոեւէ մասնաւոր նկատումի:

Մեզի անծանօթ կը մնայ, թէ երբէ՞ն ի վեր, կամ ի՞նչ ճամբով կամ ի՞նչ նկատումով այդ գունաւոր անունները մտած են մեր եկեղեցական օրացոյցերու մէջ ու գրաւած՝ իրենց տեղերը Յինանց այս Կիրակիներու մէջ: Անոնք որ հեթանոսական ծագում կը վերագրեն անոնց, կը դժուարանան միաժամանակ մատնանշել թէ ինչ իմաստ ունէին եւ ինչ տեղ կը գրաւէին այդ մակդիրները հեթանոսութեան մէջ, ո՛ր տօնին կամ ո՛ր աստուածութեան հետ կապ ունէին անոնք:

Մեզի համար բացայայտ է, թէ երկու անուններն ալ առնուած են Յինանց այս օրերուն մայր բնութեան պարզած ակնապարար երեւոյթներէն: Երկուքն ալ նոյն նպատակով դրուած են օրացոյցի մէջ եւ մէկը միւսին շարունակութիւնը եւ լրումը կը կազմէ:

ԿԱՆԱՆՉը կը մարմնաւորէ Յինանց այս օրերուն տիրապետող համատարած, զմրուխտ դալարիքը, որով պատմուճանուած կ’ըլլայ բնութիւնը գարնան այս օրերուն: Իսկ ԿԱՐՄԻՐը կը’ակնարկէ ծաղիկներուն, որոնցմով պճնուած կ’ըլլայ բնութիւնը այս շրջանին, եւ որոնց մէջ ամէնէն ակնբախը կակաչն է, իր մեծ ու պզտիկ բազմաթիւ տեսակներով, եւ որոնցմով տառապէս կարմիր կը ներկուին հայկական բարձրաւանդակի հովիտները եւ լեռնադաշտերը այս եղանակին:

Որքա՜ն ալ այս երկու անուանակոչումները ժողովրդային ծագում ունենան, եւ ըստ երեւոյթին ծիսական նշանակութենէ զուրկ մնացած ըլլան, սակայն բոլորովին ալ դատարկ չեն կրօնական երանգէ: Ըսինք որ գարնան հետ կապ ունին անոնք, ու գարունը զուրկ չէ կրօնական իմաստէ: Գարունը կեանքի վերակենդանութեան շրջանն է: Գարունը գեղեցկութեան եւ քաղցրութեան ցուցադրութիւն մըն է, որ անտարբեր չի կրնար ձգել, որքան մարդուն մարմինը եւ աչքը, նոյնքան ալ անոր միտքը եւ հոգեկան աշխարհը: Որքան հաճելի է զգալը կռնակին կամ կուրծքին արեգակի գաղջութիւնը, նոյնքան հոգեպարար է ման գալ վերազարթնող բնութեան մէջ եւ զգալ հոգեկան բաւարարութիւնը եւ խաղաղութիւնը որ կը թափանցէ մեր մտածումի եւ սիրտի աշխարհէն ներս, թռչուններու զուարթ երգերուն եւ ծաղիկներու հիասքանչ ժպիտներուն հետ: Որքան հանգստացնող է մեր ջղագար նեարդներուն եւ իրենց հանդարտութիւնը կորսնցուցած մեր աչքերուն համար, յառած մնալ առողջ եւ թարմ դալարիքին, որ մեր շուրջը փռուած է: Հոգեբոյժ է բնութիւնը: Մեր նեարդները բեռնակիրներն են մեր հոգեկան մեքենականութեան արտադրած ժխտական կամ դրական ելեկտրականութեանց եւ որոնցմով երբեմն այնքան կը ծանրաբեռնուին անոնք, որ բացարձակ անհրաժեշտ կը դառնայ անոնց պարպումը: Գարունը կը պարպէ ջիղերու այդ գերակուտակումը: Գարնան՝ բնութեան մէջ կը մոռնանք մեզ տանջող տաղտուկները, մտքի յոգնութիւնները, մտահոգութիւնները ու մինչեւ իսկ մեր ֆիզիքական հիւանդութիւնները, որոնց մեծագոյն մասին պատճառը եւ պատասխանատուն մեր հոգեկան մշտապիրկ լարուածութիւնն է: Արիւնը, այդ բուժիչ եւ սնուցիչ շիճուկը, գարնան մէջ կարծես տարբեր քաղցրութեամբ շրջան կ’ընէ մեր երակներուն մէջ, ինչպէս աւիշը՝ ծառերուն, եւ հիւթը՝ ծաղիկներուն մէջ: ԲՆութեան մէջ կատարուող կեանքի վերանորոգութեան շարժումէն կը վարակուինք նաեւ մենք:

Հեթանոսութիւն չէ երբեք բնութեան երեւոյթներով հոգեպէս տպաւորուիլը, տարուիլը եւ համակուիլը: Հեթանոսութիւն չէ երբեք ի տես գարնան քաղցր եւ հոգեգրաւ երեւոյթներուն բացուիլը, հոգեպէս արձակուիլը, երգելը, ցատկռտելը, պար բռնելը: Հեթանոսութիւն է սակայն այս երեւոյթներուն առջեւ կենալը եւ անոնցմէ վեր չբարձրանալը: Մարդը, որուն բանականութիւնը չէ աղարտուած, կ’անդրադառնայ որ ասոնք չեն ակը եւ պատճառը իրենց պարզած գեղեցկութեան եւ իրենց պոռթկացած կեանքին: Ասոնք ենթակայ են բնական օրէնքի մը, որմէ չեն կրնար խուսափիլ եւ որուն դէմ չեն կրնար գործել: Երբ գարնան արեւը եւ անոր յաջորդող գաղջ խոնաւութիւնը քով քովի կուգան՝ ծառերը չեն կրնար չպտկիլ, հունտերը չեն կրնար չծլիլ, տունկերը չեն կրնար չբացուիլ: Ամէնէն աւելի գարունն է որ զմեզ կ’առաջնորդէ Արարչին, Բնութեան Օրէնսդրին ու մանաւանդ կեանքի գեղեցկութեան եւ գերազանցութեան գաղափարին: Բնութիւնը ինքզինքը չի կրնար ստեղծել, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեզմէ ամէն մէկը իր ուզելով չէ որ աշխարհ կուգայ: Կայ անոնց սկզբնապատճառ Ստեղծիչը: Ծառերը եւ ծաղիկները չեն որ կը սահմանեն իրենց օրէնքները, ինչպէս, մեզմէ ամէն մէկը ինք չէ որ կ’որոշէ իր սեռը կամ մասնաւոր յատկութիւնները: Կա՛յ Օրէնսդիրը, եւ Բնութիւնը հլու ու երջանիկ հպատակողն է այդ օրէնք դարձած Կամքին, անոր համար «երջանիկ» են բնութեան արարածները, անոր համար այլասերած չեն անոնք, անոր համար գեղեցիկ են բնութեան երեւոյթները:

Գարունն է որ կ’առաջնորդէ զմեզ ամէնէն աւելի կեանքի գիտակցութեան, գեղեցկութեան եւ գերազանցութեան: Այս օրերուն բնութեան գրեթէ ամէն երեւոյթ կեանք կը պոռայ ու կեանքը կ’երգէ: Ու այս օրերուն է որ յատկապէս կը նշմարուի ու կը շեշտուի կեանքին տարբերութիւնը բնութեան միւս երեւոյթներէն: Գարունն է, որ կ’աղաղակէ կեանքի յաւերժութիւնը, յարութիւնը եւ մշտական յաղթանակը: Կեանքը ինքին գերագոյն յաղթանակն է: Մահը կեանքին երեւութական ու ժամանակաւոր պարտութիւնն է: Գարունն է որ այս ֆիզիքական ու կրօնական ճշմարտութիւնը կը հաստատէ: Կեանքը մշտադալար է: Հին տերեւները կը թափին, նորերը կը պտկին: Կեանքի անհատ երեւոյթները՝ ծառ մը, թուփ մը, տունկ մը կրնան չորնալ եւ հող դառնալ, բայց անոնց ձգած հունտը, սերմն ու արմատը կը շարունակեն գոյութիւնը մեռածներուն, յաճախ աւելի աճած ու աւելի բազմապատկուած:

Այս է ԿԱՆԱՆՉ Կիրակիին խորհուրդը. զի կեանքը իր նախնական ձեւին մէջ կանանչ գոյնով կը յայտնուի: Կանանչ Կիրակին մեզի կը յիշեցնէ կեանքի մշտադալարութիւնը, կեանքի յարութիւնը եւ անոր մշտնջենական գոյութիւնը: Այս է նաեւ Յինունքի հիմնական գաղափարը:

ՇԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻԻՆ

– Ողորմեա –

 

Այսօր հրեշտակաց բազմութիւնքն տօնակից լինին ընդ մեզ,
Քանզի երկնաւոր թագաւորն եկաւորի ի սուրբ եկեղեցի:

 

Խնդա՛ եւ զուարճացիր, հարսնացեալդ Աստուծոյ եկեղեցի,
Քանզի ըզքեզ Տէրըն տերանց ընտրեաց եւ հաճեցաւ բընակիլ ի քեզ:

 

Լուսաւորեա՛, լուսաւորեա՛, կաթուղիկէ եկեղեցի,
Քանզի ի քեզ շող աստուածեղէն ի հօրէ լուսոյ ծագեաց,
Եւ լուսաւորեաց ըզմանկունս քո:

 

 

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Այսօր հրեշտակաց բազմութիւնը տօնակից կ’ըլլայ մեզի,
Քանզի երկնաւոր թագաւորդ ահա կուգայ սուրբ եկեղեցի.

 

Հրճուէ զուարճացիր, Աստուծոյ Հարս եկեղեցի.
Քանզի ընտրեց քեզ տէրերուն Տէրն եւ հաճեցաւ մէջդ բնակիլ.

 

Լուսաւորուէ, լուսաւորուէ, կաթողիկէ եկեղեցի,
Քանզի ներսդ աստուածային լոյս ծագեցաւ.
Եւ լուսաւորեց քու մանուկներդ:

 

Հատկորոշիչներ՝ աշխարհամատուռ, կանաչ, կիրակի

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

0 կարծիք

Խմբագրի ընտրանի

Քրիստոնեական բարոյականության սկզբունքների կիրառելիության մասին

Հարցազրույց Ռալֆ ՅԻՐԻԿՅԱՆԻ հետ։ – Ցանկացած մարդ, եթե քիչ թե շատ ազնիվ է գոնե ինքն իր նկատմամբ, հոգու խորքում հիանալիորեն գիտի, թե ինչն է բարի, աստվածադիր բարոյականության նորմերին հարազատ, ինչը՝ ոչ։ Հոգին...

Կարդալ ավելին

Ինչպե՞ս չդառնալ երկու տիրոջ ծառա

Հարցազրույց Կյուրեղ քահանա ՏԱԼՅԱՆԻ հետ։ Երկրային բարիքներ և երկնային արժեքներ. հավերժական հակադրությո՞ւն է, թե՞ չբացահայտված ներդաշնակություն... Ինչպե՞ս ապրել կյանքը, որ հոգևորն ու մարմնավորը չհակադրվեն։ Ավելին` ինչպե՞ս համադրել...

Կարդալ ավելին

Այլ նյութեր

Ս. Հոգիին անհրաժեշտութիւնը մեր օրերուն

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ – Դժուար չէ նկատել, որ մենք...

Շարական Հոգեգալուստի

ՇԱՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ – Օրհնութիւն – Առաքելոյ...

Ինչպէ՞ս կարելի է վերագտնել այս կորսուած մէկութիւնը

Պատասխանը տրուած է Հոգեգալուստով ծնած առաջին...