Մրտ․ 20, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Պապի դաւաճանութեամբ սպանուելէն ետքը, պահ մը նախարարները շփոթեցան եւ կասկածեցան Յոյներու բարեկամութեան վրայ, եւ խորհրդակցութեան մտան, այլ յաղթեց ընթացքնին չփոխելու կարծիքը։ Հարկաւ Յոյն զօրավարն ալ ջանաց արդարացնել Պապի սպանութիւնը, մանաւանդ որ անմիջապէս նոր թագաւոր...
Մրտ․ 15, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Շահակին վրայ զանազան անգամներ խօսելու առիթ ունեցանք, որով նորա նախընթացը բացատրուած եղաւ։ Լուսաւորչի ժամանակէն նախապատիւ ճանչցուած՝ Աղբիանոս եպիսկոպոսի հաւանաբար թոռը, Մանազկերտացեաց ազգատոհմին պետը, Մանազկերտի եւ Հարք գաւառի, այժմեան Մանազկերտի եւ վերին Պուլանըքի՝...
Մրտ․ 13, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը...
Մրտ․ 11, 2013 | ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ, ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին, որովհետեւ 374-ին տեղի ունեցաւ Պապին սպանութիւնը, շատ մը եղելութիւններէ ետքը, իսկ իբր ամսաթիւ նշանակուած է հրոտից ամիսը եւ Հինգշաբթի օր (ՍՈՓ. Զ. 112), եւ շարժական տոմարի Հինգշաբթի կը հանդիպին հրոտից 5, 12, 19, 26 օրերը։...
Մրտ․ 9, 2013 | ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ, ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր պարագաներ կը տեսնուին։ Նախ, որ բռնութիւնք եւ սպանութիւնք օտար էին Պապի բնաւորութենէն, եւ արդէն ալ վատասերած եւ կնամարդի եւ խենէշ անձերու բնական չեն այսպիսի խժդժութիւնք, եւ ինչ որ ուրիշի վրայ չէր ըրած, հայրապետի վրայ ընելու...