Դուն Մայր բոլորին (բանաստեղծութիւն)

Started by Anoush, October 12, 2007, 01:59:35 AM

Previous topic - Next topic

Anoush

Աստուծոյ ընտրեալ, Դուն կին վեհագոյն,
Դուն Աստուածամայր, եւ Մայր բոլորին,
Չկրցայ մօրըս իմ ցաւը յայտնել,
Ես Քեզի եկայ, պատկերիդ առաջ
Ծնրադրեցի լուռ, աղօթեցի Քեզ,
Քեզի եկայ ես, որ աղօթքիս հետ
Սիրտդ մայրական իմ սիրտը կարդայ...

Դուն, որ վեհօրէն կրցար դիմանալ
Անխօս նայելու Որդւոյդ խաչուելուն,
Արդեօք Դուն որո՞ւն պատկերին առաջ
Պիտ' աղօթէիր, երբ Քեզմէ ծնաւ
Փրկիչն աշխարհին, Աստուծոյ Որդին...

Բողոք չունիմ ես, ի՞նչ բողոքեմ Քեզ,
Երբ որ Դուն տեսար անդիմանալին...
Ունիմ լոկ աղօթք եւ ապաշխարհանք.

Սակայն երբ Քեզի իմ սիրտը բացի,
Մօրըս արցունքը Քու աչքէդ ինկաւ...: