ԿԵՍԱՐԻԱ ՉԵՐԹԱԼԸ (158)

Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը...

ԱՆՁՆ ՈՒ ԱՆՈՒՆԸ (157)

Ներսէսի մահը մեծ տպաւորութիւն գործեց Հայաստանի ամէն կողմերը։ Թէ տարիքին կողմէ անակընկալ էր անոր վախճանը, եւ թէ կացութեան կողմէ անհրաժեշտ էր անոր կեանքը ձախող կասկածներ ալ պակաս չէին մահուան պատճառին վրայ։ Ուստի Պապ թագաւոր տեսեալ սգացեալ զամենայն Հայս, պէտք զգաց...

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐԸ (156)

Ներսէսի առաջին գործակից եւ հաւատարիմ հետեւող Խադ եպիսկոպոսի յիշատակը տօնելի է հայրապետին հետ, թէպէտ պատմիչներու մէջ անոր վախճանին մասին որոշ յիշատակ չենք գտներ։ Վերջին անգամ յիշուեցաւ երբոր Ապահունի նախարարազուններ, իր աղջկան տագրներ, զինքն ազատեցին Արշակի հրամայած...

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին, որովհետեւ 374-ին տեղի ունեցաւ Պապին սպանութիւնը, շատ մը եղելութիւններէ ետքը, իսկ իբր ամսաթիւ նշանակուած է հրոտից ամիսը եւ Հինգշաբթի օր (ՍՈՓ. Զ. 112), եւ շարժական տոմարի Հինգշաբթի կը հանդիպին հրոտից 5, 12, 19, 26 օրերը։...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր պարագաներ կը տեսնուին։ Նախ, որ բռնութիւնք եւ սպանութիւնք օտար էին Պապի բնաւորութենէն, եւ արդէն ալ վատասերած եւ կնամարդի եւ խենէշ անձերու բնական չեն այսպիսի խժդժութիւնք, եւ ինչ որ ուրիշի վրայ չէր ըրած, հայրապետի վրայ ընելու...

ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ (153)

Պատմութեան կարգը կը հասցնէ մեզ Ներսէսի մահուան վրայ խօսելու, եւ որովհետեւ մեր պատմիչներուն ըսածը դիտողութեանց կարօտ կը գտնենք, նախապէս անոնց գրածները քաղենք։ Խորենացին իր սովորական ոճով երկու խօսքով կը վերջացնէ մահուան պատմութիւնը, թէ՝ Պապ դեղ մահու գաղտնի արբուցեալ...