ՏԻՐԻԹԻ ՔՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (127)

Գնէլի առաւելութիւնները եւ ստացած համակրանքը ծանր եկան Տիրիթի, որ ցած բնաւորութեան վիճակեալ անձ մը կը նկարագրուի։ Գուցէ գաղտնի ցաւ մըն ալ ունէր իր սրտին մէջ, վասնզի Տիրանի անդրանիկին՝ Արտաշէսի զաւակն ըլլալով, թագաւորութեան հասնելու գաղափարն ալ կը փայփայէր։ Սակայն իր...

ԳՆԷԼ ԵՒ ՏԻՐԻԹ (126)

Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւներով անցան։ Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն։ Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ...

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ (114)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԱՐՇԱԿ – Տիրան և Արշակ թագաւորները։

Քաղաքային կացութիւնը բաւական ատեն էր, որ հանդարտ կ’անցնէր, Տիրանի Յունաց օգնութեամբ գահ դառնալէն ետքը։ Շապուհ չէր ուզած նոր խնդիր յուզել այն կողմերը, եւ պատերազմներու դաշտը փոխադրուած էր Միջագետք, հայկական երկիրներէն դուրս։

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ (108)

ՊԱՊ ԵՒ ԱԹԱՆԱԳԻՆԷ – Յուսիկ կաթողիկոսի զաւակները․

Բայց անլոյծ կը մնար հայրապետական աթոռին յաջորդութիւնը, զոր պէտք էր կերպով մը կարգադրել, համաձայն ազգային ըմբռնման, որ տակաւին չէր զատուէր ժառանգական յաջորդութեան գաղափարէն։ Յուսիկ երկու զաւակներ ունէր, որոնց ծնունդը 313-ին դնելով, իրենց հօրը մահուան տարին, 347-ին, 34 տարեկան ժիրուժիր երիտասարդներ էին, որք իրենց հօրը նախկին դիրքէն եւ իրենց արքայազարմ մօրմէն օգտուելով, թագաւորական պալատին մէջ ապրած ու յառաջացած էին։

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ (106)

ՏԻՐԱՆ ԵՒ ՅՈՒՍԻԿ – Տիրան թագաւորի և Յուսիկ կաթողիկոսի փոխհարաբերութիւնները․

Վերոհիշեալ պատմութիւնները կը համաձայնին եղելութեան գլխաւոր գիծերուն մէջ։ Պատահական տարբերութիւն մըն է, թէ Տիրան պաշտօնապէս հրամայեց ջալոտիւք հարկանել, կամ թէ աւագանին խուժեց բրածեծ ջախջախել. նոյնպէս նաեւ թէ Բնաբեղի մէջ ծեծի տակ հոգին աւանդեց, կամ թէ քիչ ետքը Թորդանի մէջ մեռաւ ծեծին հետեւանօք։