ՄԱՀՆ ՈՒ ՊԱՏՃԱՌԸ (105)

ՄԱՀՆ ՈՒ ՊԱՏՃԱՌԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի մահուան պատճառը․

Յուսիկի մահը բնական կերպով տեղի չունեցաւ, այլ իր հովուական եւ հայրապետական նախանձայուզութեան նահատակ եղաւ, եւ բռնական մահուամբ վախճանեցաւ, նոյնիսկ Հայոց թագաւորին եւ իր աներձագին Տիրանի ձեռքով։ Սովորաբար տարածուած եւ Խորենացիէ առնուած պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ Յուլիանոսի Պարսից դէմ արշաւանքի ատեն, Տիրան զայն դիմաւորեց, եւ բարեկամութիւնը կրկնեց։

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ (101)

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ հայրապետը մինչև կաթողիկոս դառնալը․

Վրթանէսի մահուամբ աթոռը պարապ մնաց, բայց նոր ընտրութեան համար վարանում պէտք չէր, վասնզի ազգը Լուսաւորչի սերունդէն հայրապետ ունենալու սկզբունքը ընդգրկած էր, ըլլա՛յ ժառանգական քրմապետներու հին սովորույթներէն ներշնչուած, ըլլա՛յ Լուսաւորչի ազգատոհմին վրայ դրուած անպայման վստահութեամբ զգացուած։ Արիստակէս կուսակրօն մեռած էր, Վրթանէսի զաւակներէն Գրիգորիս ալ չորս տարի առաջ նոյնպէս անժառանգ նահատակուած էր։

ՏԻՐԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (91)

ՏԻՐԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ – Վրթանէս կաթողիկոսը Տիրանի թագաւորութեան տարիներին։

Աւելի կարեւոր գործունէութեան ասպարէզ կը բացուէր Վրթանէսի, երբոր Խոսրով Բ. Կոտակ կը մեռներ 339-ին, եւ կը թագաւորէր իր որդին Տիրան, եւ ծանր դժուարութեանց կը հանդիպէր, որովհետեւ Շապուհ հզօր բանակով մը իր իսկ որդին Ներսէհը Հայաստան կը ղրկէր, երկիրը գրաւելու եւ այնտեղ թագաւորելու համար։