ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ (132)

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի...

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ (115)

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ – Շահակի վարկածը որպէս Փառէն կաթողիկոսի յաջորդ։

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։