ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ (155)

Մահուան թուականը պէտք է անկասկած դնել 373-ին, որովհետեւ 374-ին տեղի ունեցաւ Պապին սպանութիւնը, շատ մը եղելութիւններէ ետքը, իսկ իբր ամսաթիւ նշանակուած է հրոտից ամիսը եւ Հինգշաբթի օր (ՍՈՓ. Զ. 112), եւ շարժական տոմարի Հինգշաբթի կը հանդիպին հրոտից 5, 12, 19, 26 օրերը։...

ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ (154)

Այս պատմութեան մէջ շատ մը իրարու անյարիր պարագաներ կը տեսնուին։ Նախ, որ բռնութիւնք եւ սպանութիւնք օտար էին Պապի բնաւորութենէն, եւ արդէն ալ վատասերած եւ կնամարդի եւ խենէշ անձերու բնական չեն այսպիսի խժդժութիւնք, եւ ինչ որ ուրիշի վրայ չէր ըրած, հայրապետի վրայ ընելու...

ՆԵՐՍԷՍԻ ՄԱՀԸ (153)

Պատմութեան կարգը կը հասցնէ մեզ Ներսէսի մահուան վրայ խօսելու, եւ որովհետեւ մեր պատմիչներուն ըսածը դիտողութեանց կարօտ կը գտնենք, նախապէս անոնց գրածները քաղենք։ Խորենացին իր սովորական ոճով երկու խօսքով կը վերջացնէ մահուան պատմութիւնը, թէ՝ Պապ դեղ մահու գաղտնի արբուցեալ...

ՊԱՊԻ ԸՆԹԱՑՔԸ (152)

Պատմական եղելութեանց շարայարութեան դառնալով, աչքի զարնելու կէտ մըն է Պապ թագաւորին ընթացքը։ Արշակի թագաւորելը 351-ին տեղի ունեցած, եւ Պապն ալ անոր թագաւորելէն ետքը ծնած լինելով, 368-ին թագաւորած, ատեն 16 տարեկանէ վեր եղած չի կրնար ըլլալ, որ անփորձ եւ անչափահաս...

ՊԱՊԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (143)

Արշակի վախճանին պատմութիւնը լրացնելով ետ դառնանք Հայաստանի դէպքերուն։ Արշակի եղած հրաւէրին խաբէութիւն մը ըլլալը, շուտով հասկցուեցաւ Հայաստանի մէջ, եւ Արշակի բերնով եկած գիրերուն ոչ ոք վստահութիւն ունեցաւ։ Նախարարներէն մի մասը ընտանիքնին հաւաքելով Յունաստան անցան,...