Հուն․ 2, 2012 | Ս. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (36-40)
Մեհրուժան հայրապետի ժամանակը ճշդելու համար նախապէս պէտք է դիտել թէ Դիոնեսիոս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ, որ Մեհրուժանին գրած է, 248-ին ընտրուեցաւ եւ 264-ին վախճանեցաւ, եւ միջանկեալ 16 տարիներու մէջ կը պարփակուի անոր հայրապետութիւնը։ Իսկ Անկելոց խնդիր ըսուածը, որ...
Մայ․ 28, 2012 | Ս. ՂԵՒՈՆԴԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (32-35)
Հայրապետիս նկատմամբ Արտազեան հիշատակարանին տուած տեղեկութիւնները կը վկայեն թէ 17 տարի պաշտօնավարած է, թէ Ավրեղիոս կայսեր Հռոմայ եւ Վաղարշ թագավորին Հայոց ժամանակակից եղած է, եւ թէ նահատակուած է ի Շաւարշան տեղւոջն, որ է նոյնինքն Արտազու աթոռին տեղը (68 ԱՐՐ. 103)։ Մեր...
Մայ․ 10, 2012 | Ս. ՇԱՒԱՐՇ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (31)
ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ Արտազեան յիշատակարանը կու տայ հայրապետիս անունը իբր Շահէնի յաջորդ, աւելցնելով թէ Աղուանից երկրէն էր, եւ թէ քսան ամ կառավարեալ է զհօտն Արտազու (68 ԱՐՐ. 102)։ Այդ տարիները բարդելով նախորդներու հաշուոյն կը հասնինք մինչեւ 171։ Շաւարշի, ինչպէս նաեւ իր...