ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ (104)

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի հայրապետութեան ժամանակահատուածը․

Նկատողութեան արժանի պարագայ մըն ալ Յուսիկի տրուած մանկութեան հանգամանքն է, զոր պնդելով կը կրկնէ Բուզանդ միայն, եւ կ’ըսէ յայտնապէս, թէ էր աւուրբք մանուկ, տիօք առոյգ, եւ բարձր հասակաւ, գեղով երեսաց սքանչելի եւ չքնաղ (ԲԶՆ. 30), եւ թէպէտ աւուրբք մանուկ էր, այլ զաւագութիւն ծերութեան խրատուն յինքեան ցուցանէր (ԲԶՆ. 31), եւ մահուան պարագային իսկ զայն երանելի մանուկն Յուսիկ կ’անուանէ (ԲԶՆ. 32)։