ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (181)

Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն...

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԻ ԴԱՌՆԱԼԸ (134)

Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ’ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի...

ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ (119)

ՆԵՐՍԷՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ – Ներսէս Մեծի ընտրութիւնը կաթողիկոսական գահին։

Փառէնի մահուընէն ետքը, Շահակ Մանազկերտացի ստանձնած էր հայրապետական գործոց հոգածութիւնը իբր տեղակալ, եւ աթոռը կը մնար դատարկ, եւ ամէն կողմէ յայտնուած կամքն այն էր, որ ի մնացորդաց տանն Գրիգորի, յայնմ զաւակէն գտցեն զառաջնորդութիւն (ԲԶՆ. 68)։