Մրտ․ 5, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինք կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերես կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու...
Մրտ․ 5, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Արշակաւանը աւելի մեծ վնաս մըն ալ պատճառեց երկրին, թագաւորին եւ նախարարներուն մէջ յայտնի թշնամութեանց առիթ ստեղծելով։ Արշակաւանի վրայ գացող նախարարներ, ուղղակի թագաւորին վրայ ալ քալող կը նկատուէին, վասնզի անդ ապարանս արքունի եւս շինած էր Արշակ (ԲԶՆ. 110), որ խոյս ետ ի...
Մրտ․ 5, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Արշակի անունին արատ բերող գործերէն մէկն ալ Արշակաւանի եղելութիւնն է։ Արշակ մեծամտութիւն ունեցաւ իր անունով քաղաք մը շինել, եւ գեղեցիկ դիրք մը զատեց Կոգովիտ գաւառին մէջ, այսինքն է Մասիսի հարաւ-արեւմտեան ստորոտը որ դէպի Պայազիտ կը նայի։ Որչափ ալ ժամանակը ճշդուած չէ, այլ...
Մրտ․ 3, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ’ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի...
Մրտ․ 3, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Ողիմպիադայի սպանութիւնը Արշակի սիրահարական կիրքէն զատ, կրնար քաղաքական նպատակ ալ ունենալ։ Արշակ ինչպէս փոփոխած էր իր բարոյական ընթացքը, նոյն կերպով քաղաքականն ալ այլայլած էր։ Այն յունասէր քաղաքականութիւնը, որով Արշակ կրցած էր իր թագաւորութիւնը ստանալ, եւ որով վարուած...