Հուլ․ 5, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի գալուստը մխիթարական ակնկնլութեանց նշան մը եղաւ ամենուն։ Հազիւ թէ հայրապետանոց հասած, գլխաւորներուն խորհուրդով համազգային ժողով մը կը հրաւիրէ եւ կուտեալ զամենայն նախարարազունսն խորհրդակցութեան կը մտնէ, թէ ինչ կերպով պիտի յաջողին երկրին բարեկարգութիւնը նորոգել։...
Հուն․ 29, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Թագաւորական գահը նորէն դատարկ մնաց 415-ին, եւ մեջտեղը միայն 11 տարեկան Արտաշէսը կար Արշակունի սերունդէն։ Զայն պատեհ համարեցաւ Յազկերտ, Հայոց թագաւորութեան ստուերն ալ ջնջել, եւ տակաւ հայերուն մոռցնել տալ իրենց ինքնութիւնը, եւ իր որդին Շապուհը Հայոց թագաւորի անունով...
Հուն․ 29, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Խաղաղական միջոց մը եղաւ Վռամշապուհի թագաւորութիւնը։ Իրաւ պարագաներն ալ յաջող եղան, սակայն խոհական ընթացքն ալ իր բաժինը ունեցաւ, որովհետեւ ճշմարիտ արժանեաց արդիւնքն էր՝ բաժանեալ եւ պառակտեալ հայրենիքը համաձայնութեան մէջ պահել, եւ երկու նախանձընդդէմ պետութիւնները...
Մրտ․ 24, 2013 | ՏԷՐ ԶԱՒԷՆ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (166-170)
Երբոր Յոյներ ձեռնաթափ եղան Հայաստանի գործերէն, եւ Մանուէլ Մամիկոնեան Վարազդատը հեռացնելով, ազատութիւն ստացաւ իր ուզածին պէս կարգադրել երկրին բախտը, յարմարագոյն սեպեց անչափահաս տղաքներ թագաւոր հռչակել, որպէսզի անոնց անունով ինք կարենայ իշխանութիւնը վարել։ Պապի...
Մրտ․ 20, 2013 | ՏԷՐ ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏՑԻ (157-165)
Խորենացի Պապի անօրէնութիւններէն տեղեկութիւն չունի, միայն կ’ըսէ, թէ՝ արհաարհեալ նշկահեաց Յունաց կայսրը, եւ սկսաւ պատրաստիլ ի պատերազմ (ԽՈՐ. 229)։ Թերեւս Պապ Տերենտիոսի ընթացքէն զզուած Պարսից կողմը միտում ունեցած ըսէինք, եթէ նախընթացաբար չգիտենայինք որ այս Տերենտիոսի...