ՆՇԱՆԱԳԻՐԵՐՈՒՆ ԵՏԵՒԷՆ (189)

Մեսրոպի տուած լուրը՝ Վռամշապուհի բերած տեղեկութիւններով զօրացած, ամէնքը քաջալերեց լրջօրէն գործի ձեռնարկել, եւ որոշուեցաւ յարմարագոյն անձ մը ղրկել, որպէսզի այդ նշանագիրք հայերէն լեզուոյ, կամ այդ նշանագրութիւնք յարմարեալ ի Դանիէլէ եպիսկոպոսէ, կամ թէ՝ այդ վաղնջուց գտեալ...

ՓԱՒՍՏՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ (175)

Համաձայն մեր խոստումին, եւ իւրաքանչիւր միջոցի մէջ փայլող կամ երեւացող անձնաւորութեանց յիշատակները նոյնին մէջ ամփոփելու դիտումով, այստեղ կը քաղենք քանի մը անձերու մասին Բուզանդի պատմութեան ծայրը գտնուող կցկտուր յիշատակները։ Ասոնք կրնան իբր կազմակերպեալ խումբ մը...

ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (98)

Վրթանէս կաթողիկոսի որդի Գրիգորիսի ձեռնադրութիւնը․

Խոստացանք գործիս սկիզբը (§ 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել։ Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել։