ԱՐՇԱԿԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (118)

ԱՐՇԱԿԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ – Արշակ թագաւորի ամուսնութիւնների մասին։

Արշակի ամուսնական վիճակին, եւ իր զանազան կիներուն վրայ այնպէս խառնակ են տրուած տեղեկութիւնները, եւ այնպէս իրարու կը հակառակին, որ պատմական շարայարութեան վերածելու համար, պէտք կ’ըլլայ ինչինչ կէտեր բոլորովին փոփոխել, եւ ուրիշ կէտեր ալ դուրս ձգել։

ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ (116)

ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ – Ներսէս Մէծ կաթողիկոսի ուսման և ամուսնութեան տարիները։

Ցարդ պատմուածներէն յայտնի եղած է թէ որոնք էին Ներսէսի նախնիքը, որ մնացած էր իբր միակ շառաւիղ Լուսաւորչի տոհմին, Աթանագինէի եւ Բամբիշի զաւակ. հայրը եղերական կերպով մեռած, ինչպէս յիշեցինք (§ 113), իսկ մայրը տակաւին կենդանի կաթողիկոսութեան ընտրուած ատեն (ԲԶՆ. 69)։

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ (101)

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ հայրապետը մինչև կաթողիկոս դառնալը․

Վրթանէսի մահուամբ աթոռը պարապ մնաց, բայց նոր ընտրութեան համար վարանում պէտք չէր, վասնզի ազգը Լուսաւորչի սերունդէն հայրապետ ունենալու սկզբունքը ընդգրկած էր, ըլլա՛յ ժառանգական քրմապետներու հին սովորույթներէն ներշնչուած, ըլլա՛յ Լուսաւորչի ազգատոհմին վրայ դրուած անպայման վստահութեամբ զգացուած։ Արիստակէս կուսակրօն մեռած էր, Վրթանէսի զաւակներէն Գրիգորիս ալ չորս տարի առաջ նոյնպէս անժառանգ նահատակուած էր։