ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428 ձմեռուան միջոցին։ Կարծես թէ նահանջ տարիներու ձախողութեան նախապաշարումը իրեն հաստատութեան փաստ մը կը գտնէր այդ պարագային մէջ։ Հայոց հին շարժական տոմարը, որ տարիներու համար 365 օրերու հաստատուն չափ մը ունի, արտաւորուած էր...

ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ (210)

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական պարագաներու մէջ չէր կատարուէր երկու ամոլակիցներու հանդիպումը։ Երբոր Մեսրոպ կրթական առաւելութեամբ կը շրջէր զանազան կողմեր, Սահակ քաղաքական հոգերով ծանրացած, եւ անհաճոյ դիպուածներու առջեւ, սաստիկ նեղութեանց ներքեւ ինկած էր, եւ...

ՍԱՀԱԿԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ (204)

Մեսրոպ ու Վարդան ու Գնիթ կայսերական եւ պատրիարքական հրամանագիրները առած, եւ յատուկ պատիւներով փառաւորուած, Բիւզանդիոնէ դառնալով Անատոլիոսի ներկայացուցին բերած հրամանագիրնին, եւ պէտք է ըսել, թէ Անատոլիոս, որ ինք իր գլուխ բան մը ընելու վարանած էր, հրամանը ստանալէ ետքը...

ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ (203)

Պատգամաւորութեան ելքը հաջող եղաւ եւ առին զոր յուսայինն եւ զոր ոչն յուսային (ԽՈՐ. 253)։ Թէոդոս Փոքր 16 տարեկան եղած էր, խնամակալութիւնն ալ իր Պուղքեբիա քրոջ ձեռքն անցած էր, ուխտեալ կուսան մը, տակաւին ծաղկահասակ, եւ բոլորովին բարեպաշտութեանց նուիրեալ։ Ատտիկոս ալ, որ...

ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ (202)

Գիրի վերջնական գիւտէն՝ 406-ին, մինչեւ Խոսրովի մահը՝ 415ին, երկրին խաղաղ կառավարութեան ատեն, Սահակ պատեհ գտաւ Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ ընդարձակել Հայ լեզուի ուսուցումը, եւ բարեկարգել հայ ծէսով կատարուած արարողութիւնները։ Երկիրը նոր ոգի եւ նոր պայծառութիւն ստացաւ,...