Փետր․ 22, 2013 | ՏԷՐ ՓԱՌԷՆ Ա. ԱՇՏԻՇԱՏԵՑԻ (110-115)
ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ – Շահակի վարկածը որպէս Փառէն կաթողիկոսի յաջորդ։
Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։
Փետր․ 11, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՅՈՒՍԻԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (101-109)
ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի հայրապետութեան ժամանակահատուածը․
Նկատողութեան արժանի պարագայ մըն ալ Յուսիկի տրուած մանկութեան հանգամանքն է, զոր պնդելով կը կրկնէ Բուզանդ միայն, եւ կ’ըսէ յայտնապէս, թէ էր աւուրբք մանուկ, տիօք առոյգ, եւ բարձր հասակաւ, գեղով երեսաց սքանչելի եւ չքնաղ (ԲԶՆ. 30), եւ թէպէտ աւուրբք մանուկ էր, այլ զաւագութիւն ծերութեան խրատուն յինքեան ցուցանէր (ԲԶՆ. 31), եւ մահուան պարագային իսկ զայն երանելի մանուկն Յուսիկ կ’անուանէ (ԲԶՆ. 32)։
Փետր․ 11, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՅՈՒՍԻԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (101-109)
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի ամուսնական կեանքը․
Յուսիկի կեանքին համար նորօրինակ պարագաներ կը պատմէ Բուզանդ, զորս յիշել աւելորդ չենք համարիր տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար։ Ամուսնական առաջին գիշերն իսկ կը յղանայ Յուսիկի կինը. Յուսիկ տեսիլ կը տեսնէ թէ յղացեալներ երկուորեակ են, եւ երկուքն ալ Աստուծոյ պաշտօնեաներ պիտի չըլլան։ Այդ պարագան զինքը կը տխրեցնէ, եւ ամուսնացած ըլլալուն կը զղջայ, որովհետեւ միայն իր պապին սերունդէն պաշտօնէից չպակսելուն համար ամուսնացած էր։
Փետր․ 7, 2013 | Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (87-100)
Աղուանքի Գրիգորիս կաթողիկոսի նահատակութիւնը․
Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական։
Փետր․ 7, 2013 | Տ. Ս. ՎՐԹԱՆԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (87-100)
Վրթանէս կաթողիկոսի որդի Գրիգորիսի ձեռնադրութիւնը․
Խոստացանք գործիս սկիզբը (§ 2) Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կաթողիկոսներու վրայ բաշխած ատեննիս, ազգային տեսակէտէն կարեւոր եղելութիւնները, ժամանակակիցներու պատմութեան հետ յարակցել։ Այդ նպատակով ահա կը մտնենք Աղուանից կաթողիկոս Գրիգորիսի նահատակութիւնը պատմել։