ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԺՈՂՈՎԸ (121)

ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԺՈՂՈՎԸ – Աշտիշատի ժողովի մասին։

Ներսէս 25 տարեկան երիտասարդ բուռն կամքի տէր, եւ նախանձայոյզ ոգւով վառուած, հայրապետական աթոռ բարձրացածին պէս, բարեկարգութեան գործին ձեռնարկեց ոյժ առնելով այն զօրաւոր համակրութենէն, որ իրեն շուրջը կազմուած էր։

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ (101)

ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ հայրապետը մինչև կաթողիկոս դառնալը․

Վրթանէսի մահուամբ աթոռը պարապ մնաց, բայց նոր ընտրութեան համար վարանում պէտք չէր, վասնզի ազգը Լուսաւորչի սերունդէն հայրապետ ունենալու սկզբունքը ընդգրկած էր, ըլլա՛յ ժառանգական քրմապետներու հին սովորույթներէն ներշնչուած, ըլլա՛յ Լուսաւորչի ազգատոհմին վրայ դրուած անպայման վստահութեամբ զգացուած։ Արիստակէս կուսակրօն մեռած էր, Վրթանէսի զաւակներէն Գրիգորիս ալ չորս տարի առաջ նոյնպէս անժառանգ նահատակուած էր։

ՆՇԽԱՐԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ (97)

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարների մասին․

Բայց պէտք է ընդունիլ թէ երբ ցանկալի նշխարքը զետեղուեցան Թորդանի մէջ, ամբողջ ոսկորները տապանին մէջ չդրուեցան, այլ ժամանակին սովորութեան համաձայն, ոսկորներուն մի մասովը տապան մը կազմուեցաւ, եւ ուրիշ մասեր զանազան տեղեր ցրուեցան, եւ գլխաւորապէս տարուեցան Վաղարշապատ, եւ Լուսաւորչաշէն Մայր տաճարին մէջ հաւատացելոց բարեպաշտութեան առարկայ եղան։

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96)

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96) – Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները գտնելու մասին․

Այդ պարագան առիթ կու տայ մեզ խօսիլ Լուսաւորիչի ոսկորներուն կամ նշխարներուն գիւտին վրայ։ Եղելութիւնը ընդհանուր եւ համաձայն աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս եկեղեցական տօներուն կարգն ալ կը հաստատէ, որ փոխանակ ուղղակի Լուսաւորիչի անունին տօն մը ունենալու՝ իր մահուան յիշատակին, Գիւտ նշխարաց անունով ճանչցուած է նորա մեծ տօնը։