ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԻ ԴԱՌՆԱԼԸ (134)

Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ’ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի...

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒԼՆԵՑԻ (133)

Այստեղ պատշաճ կը սեպենք միջանկեալ կերպով յիշատակել Ստեփանոս Ուլնեցիի նահատակութիւնը, իբր զուտ ազգային յիշատակ մը, թէպէտ հռոմէական սահմաններուն մէջ կատարուած, Յուլիանոսի Պարսից դէմ գացած միջոցին։ Ստեփանոս Փոքր Հայոց Կոկիսոն, այժմ Կէօքսու քաղաքը բնակող եռանդուն հայ...

ՆԵՐՍԷՍԻ ՔԱՇՈՒԱԾ ԱՏԵՆԸ (132)

Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ (131)

Ողիմպիադայի սպանութիւնը Արշակի սիրահարական կիրքէն զատ, կրնար քաղաքական նպատակ ալ ունենալ։ Արշակ ինչպէս փոփոխած էր իր բարոյական ընթացքը, նոյն կերպով քաղաքականն ալ այլայլած էր։ Այն յունասէր քաղաքականութիւնը, որով Արշակ կրցած էր իր թագաւորութիւնը ստանալ, եւ որով վարուած...

ՈՂԻՄՊԻԱԴԱՅԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (130)

Ինչպէս ըսինք ոճիրներ շղթայեալ կը շատնան, եւ Արշակ վրէժխնդրութեանց կիրքէն ետքը, տռփական կիրքէ մղեալ, նոր ոճիրներու կը ձեռնարկէր։ Այստեղ պէտք է որ անցողակի դիտողութիւն մը ընենք Փառանձէմի նկարագիրին վրայ։ Խորենացի կը գրէ, թէ նա կին մըն էր՝ որ գործեաց զանլուր եւ...

ՏԻՐԻԹԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (129)

Արշակ ուղիղ ճամբէ շեղիլը հետեւանք եղած էր Տիրիթի քսութեանց, եւ իրօք ալ թագաւորներ երբեք չեն կրցած իրենց ուղղամտութիւնը պահել, երբոր իրենց իշխանութեան դէմ լարուած դաւաճանութեանց, սուտ թէ ստոյգ տեղեկութեանց դիմաց կը գտնուին։ Անգամ մըն ալ, որ շիտակ ճամբէն կը շեղին,...