ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր կուսակից նախարարները կրցաւ գոհացնել, եւ շուտով ի նոցին նախարարացն հալածեցաւ յաթոռոյն, որոնք տարի մը ետքը Վռամի դիմելով նոր կաթողիկոս ուզեցին (ԽՈՐ. 265), ինչ որ Պարսից արքունեաց համար անտարբեր բան մըն էր, եւ գանձուելիք...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով ներկայացուցին իրենց ամբաստանութիւնները, Վռամ գործին օրինական ձեւ տալու համար, Արտաշիրն ու Սահակն ալ Տիզբոն կանչեց, եւ անոնք իրենց հաւատարմութիւնը ջատագովեցին։ Վռամ կ’աշխատէր, որ Սահակը պաշտօնի վրայ մնայ, եւ Սուրէն Պահլաւին...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (211)

Այս եղելութիւնները կը կատարուէին 427-է 428 ձմեռուան միջոցին։ Կարծես թէ նահանջ տարիներու ձախողութեան նախապաշարումը իրեն հաստատութեան փաստ մը կը գտնէր այդ պարագային մէջ։ Հայոց հին շարժական տոմարը, որ տարիներու համար 365 օրերու հաստատուն չափ մը ունի, արտաւորուած էր...

ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ (210)

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական պարագաներու մէջ չէր կատարուէր երկու ամոլակիցներու հանդիպումը։ Երբոր Մեսրոպ կրթական առաւելութեամբ կը շրջէր զանազան կողմեր, Սահակ քաղաքական հոգերով ծանրացած, եւ անհաճոյ դիպուածներու առջեւ, սաստիկ նեղութեանց ներքեւ ինկած էր, եւ...

ՎՐԱՑ-ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԳԻՐԵՐԸ (209)

Յարմարագոյն կը գտնենք այդ միջոցին յիշել Մեսրոպի մի այլ աշխատութիւնը, զոր կատարեց դրացի ազգերու օգտին, համաձայն մերազնեայ պատմիչներու։ Հայոց անգիր վիճակը հասարակ էր դրացի ժողովուրդներուն ալ, եւ Հայոց բախտաւորուիլը հարկաւ անոնց ալ նախանձը պիտի շարժէր։ Մեսրոպի համբաւը...

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔՈՒՄԸ (208)

Ուրախութեան առիթ եղաւ երկուքին ալ՝ նորէն, իրարու հանդիպիլնին։ Մխիթարական էր որ բաւական տարիներ աստ եւ անդ թափառելէ ու տառապելէ ետքը, հանդարտօրէն ուսումնական գործերու պարապելու առիթը կը գտնէին։ Այն ատեն մտածեցին ալ աւելի ընդարձակել հայ գրականութիւնը, եւ զայն ճոխացնելու...