Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Երբ կոյսերը յայտնուեցան, խիստ պահպանութեան ներքեւ առնուեցան, Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը տարածուեցաւ, եւ թագաւորը հրամայեց պատուով իրեն բերել, բայց կոյսերուն դիմադրութեան վրայ, զայն բռնութեամբ տանելու հրաման տրուեցաւ։ Տրդատ բուռն հարկանէր զնմանէն, կատարել զկամս...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Լուսաւորչի վիրապային կեանքին վերջին տարին էր, երբ նախախնամական պատահար մը կը պատրաստէր, թէ՛ անոր խաւարչտին արգելարաներէն ազատութիւնը, եւ թէ Հայոց աշխարհին կռապաշտութեան խաւարէն վերջնական ազատութիւնը։ Խումբ մը կուսաններ կը հասնէին Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մօտերը, եւ կը...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Այդ երեքտասանամեայ միջոցին, Տրդատ նորէն պատերազմներ վարեց Պարսից դէմ, որք չէին հրաժարած Հայաստանի մէջ Պարթեւազնեան ճիւղը ջնջելու, եւ երկիրը Սասանեանց ազդեցութեան ներքեւ առնելու գաղափարէն։ Պատերազմի բախտը յաջող գնաց Տրդատի՝ Վռամ Բ-ի հանդէպ, բայց երբ Ներսէհ գահակալեց,...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Այդ պարագաները հնար չէ որ հետաքրքրութիւն չշարժէին Տրդատի հետեւորդներուն մէջ, եւ չգրգռէին Գրիգորի անձնաւորութեան վրայ հետազօտութիւններ ընել։ Այս կերպով Տաճատ իշխան Աշոցայ, Արտաւազդ Մանդակունիի քեռայրը, որ ժամանակ մը Կեսարիա ապրած էր (ԽՈՐ. 158), կը յաջողի Գրիգորի...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Տրդատ կատարեալ յաջողութեամբ եւ վերջնապէս իր գահը գրաւելու համար յաղթանակով Հայաստան մտածին պէս, դեռ մայրաքաղաքն ալ չհասած, ուզեց գոհաբանական տօնախմբութիւն մը կատարել Երէզ աւանի մօտ, ուր էր Հայոց Դիցամօր՝ Ոսկիածին Անահիտի տաճարը։ Սովորութիւն էր ծաղկեայ պսակներով եւ թաւ...