ՏՐԴԱՏԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ (47)

Տրդատ մանկիկ, հազիւ մէկ-երկու տարեկան եղած պիտի ըլլայ հօրը սպանութեան ատեն։ Նա իր երիտասարդութիւնը անցուց Հռոմայեցւոց մօտ, եւ վարժուեցաւ պատերազմական գործառնութեանց, եւ Հռոմէական բանակին մէջ ալ ծառայեց, Պրոբոս եւ Կարոս կայսրներու ժամանակ, եւ յատուկ քաջագործութիւններ...

ԳՐԻԳՈՐԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ (46)

Երբ Խոսրով մահացու վիրաւորուած եւ վերջին շունչը չտուած, հրամայեց Անակի ազգատոհմը կոտորել, երկու գիրկի տղաներ միայն ազատեցան դայեկներու ձեռքով (ԱԳԹ. 23)։ Այս երկուքին կրտսերագոյնն էր, այն որ յետոյ Գրիգոր կոչուեցաւ, եւ հաւանաբար Սուրէն էր կոչուած առաջուց։ Ս. Սահակ,...

ԽՈՍՐՈՎԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (45)

Հայոց արքայի Խոսրովի նենգութեամբ սպանութիւնը (10), ազգային պատմութենէն նոյնինքն Արտաշիրի նախաձեռնութեան կը վերագրուի (ԽՈՐ. 154), սակայն եթէ այն մինչեւ 259 պիտի յետաձգուի, Արտաշիր այլեւս կենդանի չէ, զի նոր ուսումնասիրութիւններ 242-ին կը հաւաստեն Արտաշիրի մահը եւ...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (44)

Չորրորդ դարով նոր ասպարէզ կը բացուի մեր առջեւ, եւ Հայ քրիստոնէական պատմութիւնը նոր կերպարան մը կը զգենու փառաւոր յաղթանակով եւ առատ տեղեկութիւններով։ Միեւնոյն ատեն եկեղեցական պատմութիւնը սերտ կապակցութեամբ կը միաւորուի քաղաքական եղելութեանց հետ, ինչ որ մեզ կը...

ՏԱՐԲԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (43)

Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով բանավէճերու մտնել, պէտք չենք տեսներ Հայոց քրիստոնէութիւնը մեկնելու համար ուրիշներէն կազմուած ենթադրութիւնները յառաջ բերել, եւ ցուցնել թէ կեղակարծ մեկնութեանց եւ հեռու տեղերէ՝ մինչեւ իսկ Եգիպտոսէ եւ Արաբիայէ մուրացուած զրոյցներու վրայ...

ՄԵՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (42)

Մինչեւ հիմա մեր առաջ բերած պատմութիւնը, թէ ոչ հիմնապէս նոր, սակայն կրնայ իբրեւ նոր ամփոփում մը կամ հիւսուած մը նկատուիլ, աւելի ազգային յիշատակներէ քաղուած, եւ ինչ ինչ օտար յիշատակներով զօրացած։ Մեզի անծանօթ չեն նորերէն շատերուն Հայոց առաքելական եկեղեցին եւ Հայոց...