ԱՐՇԱԿԱՒԱՆԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ (138)

Արշակի անունին արատ բերող գործերէն մէկն ալ Արշակաւանի եղելութիւնն է։ Արշակ մեծամտութիւն ունեցաւ իր անունով քաղաք մը շինել, եւ գեղեցիկ դիրք մը զատեց Կոգովիտ գաւառին մէջ, այսինքն է Մասիսի հարաւ-արեւմտեան ստորոտը որ դէպի Պայազիտ կը նայի։ Որչափ ալ ժամանակը ճշդուած չէ, այլ...

ԽԱԴԻ ԸՆԹԱՑՔԸ (137)

Այս անգամ ալ Ներսէսի բացակայութեան միջոցին պաշտօնական տեղակալութիւնը եւ արքունեաց յարաբերութիւնները, կատարած է հաւանաբար նոյն Շահակ Մանազկերտացին, որ Ներսէսէն առաջ (§ 115) եւ Ներսէսի ատեն (§ 132) այդ պաշտօնը վարած էր, թէպէտ բնաւ յիշատակուած չենք գտնէր։ Ընդհակառակն, կը...

ՆԵՐՍԷՍ ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՄԷՋ (136)

Այդ պատմութիւնները թէպէտ ընդհանուր գիծերու մէջ իրար կը շօշափեն, բայց արտաքին պատմութեան եւ ժամանակագրութեան հետ բնաւ չեն հաշտուիր, եւ իրենց մէջ ալ անկապակից եւ իրար հակասող տարրեր կը պարունակեն։ Պատգամաւորութեան յղուիլը, թէպէտ արտաքիններ չեն յիշեր, բայց մերայիններուն...

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ (135)

Սոյն պատգամաւորութեան մասին տարբեր կը խօսին մեր երեք պատմագիրները, որոնք սկզբնական աղբիւրներու տեղ կ’անցնին։ Բուզանդի գրածին համեմատ, Ներսէս նախ մեծապայծառ փառօք եւ մեծաւ շքով մեծարուեցաւ Վաղէսէ (ԲԶՆ. 81), բայց երբ Վաղէսի տղան բժշկելու հրաւիրուեցաւ, նա ուղղափառ...

ՆԵՐՍԷՍԻ ԳՈՐԾԻ ԴԱՌՆԱԼԸ (134)

Որչափ ալ մեր նպատակը չէ քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ դիպուածները բացատրել, սակայն քաղաքական ու եկեղեցական եղելութեանց ներքին եւ սերտ կապակցութիւնը, եւ եկեղեցական դիպուածներուն ուսումնասիրութիւնը, անհրաժեշտ կ’ընեն գոնէ համառօտակի անոնց վրայ ալ ակնարկ նետել, որպէսզի...

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒԼՆԵՑԻ (133)

Այստեղ պատշաճ կը սեպենք միջանկեալ կերպով յիշատակել Ստեփանոս Ուլնեցիի նահատակութիւնը, իբր զուտ ազգային յիշատակ մը, թէպէտ հռոմէական սահմաններուն մէջ կատարուած, Յուլիանոսի Պարսից դէմ գացած միջոցին։ Ստեփանոս Փոքր Հայոց Կոկիսոն, այժմ Կէօքսու քաղաքը բնակող եռանդուն հայ...