Ասկէ ետքը նոր եղելութեան մը յիշատակութիւնը չունինք, մինչեւ հայերէն այբուբէնին գիւտը կամ կազմութիւնը, որուն թուականը այլեւս ընդհանուր համաձայնութեամբ հաստատուած է 404-ին։ Բաւական ընդարձակ ատեն մը, 15 տարիներու միջոց մըն է, որ առանց պատմութեան կը մնայ, սակայն սոյն այս լռութիւնը իր գերազանց պատմութիւնն է, որ խոհեմ եւ խաղաղաւէտ վարչութեամբ մը՝ Սահակ հայրապետ եւ Վռամշապուհ թագաւոր ձեռք [...]
Արխիվ | ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ
Սույն ենթաբաժնում ներկայացված է Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյանի «Ազգապատում» գիրքը
ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ (185)
Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ համարձակեցաւ անհրաման կարգել յեպիսկոպոսութիւն զմեծն Սահակ (ԽՈՐ. 241)։ Երբոր Խոսրով Տիզբոն տարուեցաւ, Պարսից արքունիքը, որ զմեծն Սահակ [...]
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ (184)
Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը, միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը՝ քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք (§ 179)։ Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան։ Չենք ալ կրնար ճշդել, թէ արդէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առած էր, թէպէտ քահանայացած ըլլալը ստոյգ է եւ եպիսկոպոսութիւնն ալ հաւանական, իսկ [...]
ԿՐՕՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (183)
Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր՝ ունենալով նաեւ աշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն՝ ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա, Բարսեղ Կեսարացիի կազմած վանականութեան մէջ, ամէնքն ալ արք կրօնաւորք, խարազնազգեստ, երկաթապատք, բոկագնացք, որք յար ընդ նմա շրջէին։ Սահակի [...]
ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ (182)
Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ չորրորդը տարբեր։ Սեղանին միւս կողմը աթոռ մը թխագոյն կտաւով պատած, եւ աթոռին վրայ սկտեղի [...]
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (181)
Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն ատեն Վարդան գոնէ 28 տարեկան եղած ըլլայ, եւ Սահակի աղջիկն ալ 18 տարեկան մայր եղած ըլլայ, [...]
ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄ (180)
Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստ եւ անդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ’արժէ, որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք։ Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք (§ 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով։ Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր բոլոր ժամանակակիցներ, Կորիւն, Խորենացի եւ Փարպեցի միաձայնութեամբ կը կրկնեն, Սահակի ծննդեան օր կը նշանակէ [...]
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ (179)
Երբոր Ասպուրակէս մեռաւ 386-ին Հայաստանի Պարսկական բաժնին մէջ, դեռ Արշակ կը թագաւորէր Յունական բաժնին մէջ եւ պէտք չէր, որ առանց երկու կողմերու համաձայնութիւնը ապահովելու՝ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարուէր, որպէսզի ազգին մէջ երկպառակութիւն չծագէր, եւ բաժանման վիհը չընդարձակուէր։ Մինչ այս, մինչ այն Արշակ ալ կը մեռնի (§ 174), տեղը ուրիշ Արշակունի թագաւոր մը չի նստիր, այլ Յոյն [...]
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆՈՑԻ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ (178)
Անցողակի յիշենք նորէն, որ հին ատենները ամէն հաստատութիւն իր պահպանութեան պէտքերը կ’ընդունէր իրեն սեփական եղող կամ իր տրամադրութեան ներքեւ դրուած գիւղերէն ու ագարակներէն։ Հայրապետական աթոռն ալ իր սեփական կալուածներն ունեցաւ Տրդատի օրերէն սկսելով, որ քրմապետական կալուածները հայրապետականի փոխանցեց, բայց անոնցմէ դուրս Լուսաւորչի Պարթեւազնեան տոհմը եւ Աղբիանոսի Մանազկերտացի տունն ալ, իրենց սեփական եւ տոհմային կալուածներ ալ [...]
ԲԱՐԵԿԱՐԳԻՉ ՄԻԱՅՆԱԿԵԱՑՆԵՐ (177)
Եպիսկոպոսներու խումբին քով նշանակուած կը գտնենք միայնակեացներու խումբ մըն ալ, ընդհանրապէս Գինդ Սլկունիի աշակերտութենէն, գործունեայ եւ բարեկարգիչ կրօնաւորներու դասակարգ մը, որք ոչ միայն քրիստոնէից մէջ կը քարոզէին ճշմարտութեան եւ ուղղութեան կանոնները, այլեւ ծակուծուկ մնացած հեթանոսներն ալ դարձնելու համար հեռաւոր եւ անմատոյց կողմեր կը պտտէին (§ 156)։ Յանուանէ յիշատակուածներէն մէկն է Տրդատ, որ եւ Տրդած, որ [...]
ՈՒՐԻՇ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ (176)
Բուզանդի յիշած եպիսկոպոսներուն երկրորդն է Զորթ, այր ներքինի կոչուած, հարկաւ ոչ մարմնական կազմութեամբը, այլ ըստ որում ասոնց ամէնքն ալ ի ներքնի հայրապետին էին, եւ կը զբաղէին ի տեսչութիւն աղքատանոցաց եւ Ներսէսի յամենայնի հաւատարիմքն էին (ԲԶՆ. 273)։ Երրորդ յիշուած է Արտիթ եպիսկոպոս Բասենոյ, այր ծերունի պատուական եւ պիտանի, սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ վարեալ, որ մինչեւ իսկ առնէր [...]
ՓԱՒՍՏՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ (175)
Համաձայն մեր խոստումին, եւ իւրաքանչիւր միջոցի մէջ փայլող կամ երեւացող անձնաւորութեանց յիշատակները նոյնին մէջ ամփոփելու դիտումով, այստեղ կը քաղենք քանի մը անձերու մասին Բուզանդի պատմութեան ծայրը գտնուող կցկտուր յիշատակները։ Ասոնք կրնան իբր կազմակերպեալ խումբ մը նկատուիլ, Ներսէսի ձեռքին տակ պատրուաստուած, նպատակ ունենալով օժանդակել անոր բարեկարգական ճիգերուն, որով պիտի համարձակինք Բարեկարգիչ խումբ անուանել զայն, ինչպէս անոր [...]
ԱՍՊՈՒՐԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ (174)
Ասպուրակէսի հայրապետութեան Խորենացի կու տայ ամս հինգ (ԽՈՐ. 231), եւ այս է ընդհանուր գաւազանագիրներուն կրկնածը, եւ ոմանց 7 տարի տալը, պարզապէս Ե եւ Է տառերուն փոխանակութեան պէտք է ընծայել։ Ընտրութեան թուականը 381-ին ըլլալով, վախճանը կ’իյնայ 386-ին, որ ըստ ամենայնի կը պատասխանէ պատմական եւ ժամանակագրական պահանջներուն։ Մահուան պարագաները եւ թաղման տեղը նորէն անծանօթ կը մնան, եւ [...]
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ (173)
Արշակի օրինակը ուրիշ շատ նախարարներ ալ հրապուրեց յունական բաժինը անցնիլ, ինչ որ Պարսից թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց, եւ իմանալով, որ անոնք կը սիրեն Արշակունի թագաւորի մը ներքեւ ըլլալ, ինքն ալ իր բաժնին մէջ, փոխանակ Պարսիկ մարզպան մը նշանակելու, հայ Արշակունի մը գլուխ դրաւ թագաւոր անունով, որ եղաւ Խոսրով Գ.։ Խոսրովը կոչուած է ոմն ի նմին ազգէն [...]
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ (172)
Հայաստանի խաղաղութիւնը, որուն պատճառ եւ պահապան կանգնած էր Մանուէլ Մամիկոնեան, շարունակեց մինչեւ անոր մահը, զոր կրնանք յապաղել մինչեւ 384 թուականը, որով կ’արդարանայ եւս Բուզանդի յիշած եօթնամեայ խաղաղութիւնը (ԲԶՆ. 257), հաշուելով զայն Վարազդատի գահազրկութենէն, որ տեղի ունեցաւ 378-ին։ Այդ խաղաղութեան պատճառներէն գլխաւորն եղաւ յոյներուն արեւելքի գործերէն ձեռնթափ ըլլալը, եւ Շապուհի մեռնելով Արտաշիրի թագաւորելը 379-ին, որ խաղաղական [...]
