Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Այդ պարագաները հնար չէ որ հետաքրքրութիւն չշարժէին Տրդատի հետեւորդներուն մէջ, եւ չգրգռէին Գրիգորի անձնաւորութեան վրայ հետազօտութիւններ ընել։ Այս կերպով Տաճատ իշխան Աշոցայ, Արտաւազդ Մանդակունիի քեռայրը, որ ժամանակ մը Կեսարիա ապրած էր (ԽՈՐ. 158), կը յաջողի Գրիգորի...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Տրդատ կատարեալ յաջողութեամբ եւ վերջնապէս իր գահը գրաւելու համար յաղթանակով Հայաստան մտածին պէս, դեռ մայրաքաղաքն ալ չհասած, ուզեց գոհաբանական տօնախմբութիւն մը կատարել Երէզ աւանի մօտ, ուր էր Հայոց Դիցամօր՝ Ոսկիածին Անահիտի տաճարը։ Սովորութիւն էր ծաղկեայ պսակներով եւ թաւ...
Հուն․ 3, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Տրդատ մանկիկ, հազիւ մէկ-երկու տարեկան եղած պիտի ըլլայ հօրը սպանութեան ատեն։ Նա իր երիտասարդութիւնը անցուց Հռոմայեցւոց մօտ, եւ վարժուեցաւ պատերազմական գործառնութեանց, եւ Հռոմէական բանակին մէջ ալ ծառայեց, Պրոբոս եւ Կարոս կայսրներու ժամանակ, եւ յատուկ քաջագործութիւններ...
Հուն․ 2, 2012 | Ս. ՄԵՀՐՈՒԺԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (36-40)
Մեհրուժանի անունէն ետքը այլեւս յիշատակ չունինք Արտազ նստող հայրապետներուն վրայ, եւ եթէ Մեհրուժանի ժամանակը մինչեւ երրորդ դարուն երրորդ քառորդն ալ տարածենք, տակաւին բաւական բաց մը կը մնայ, մինչեւ չորրորդ դարուն սկիզբը, մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հայրապետ ձեռնադրուիլը։...