Ապր․ 8, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (179-225)
Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ...
Հուլ․ 8, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Լուսաւորիչի տեսիլքը երկրորդ մաս մըն ալ ունի, ինչպէս ինքն պատմած է։ Նա տեսաւ որ ընդարձակ դաշտը լեցուն էր միասիւն սեղաններով, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ մի մի խաչ կայր։ Գետ մը կ’անցնէր դաշտին մէջէն, որուն մէկ կողմէն կու գային սեւ այծեր, եւ գետը անցնելով ճերմակ ոչխարներ կը...
Հուն․ 24, 2012 | Տ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ (44-81)
Կէս գիշեր էր, կ’ըսէ Գրիգոր, դուք ամենքնիդ խոր քունի մէջ էիք. իսկ ես տակաւին արթուն՝ աստուածային նախախնամութեան վրայ կը խորհրդածէի, եւ ահա բոմբիւն ու թնդիւն մը լսեցի, եւ տեսայ որ երկինք կը բացուէր, լուսոյ շողեր կը ճառագայթէին, եւ այր մի ի կերպարանս լուսոյ, երկինքէն...