ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ (135)

Սոյն պատգամաւորութեան մասին տարբեր կը խօսին մեր երեք պատմագիրները, որոնք սկզբնական աղբիւրներու տեղ կ’անցնին։ Բուզանդի գրածին համեմատ, Ներսէս նախ մեծապայծառ փառօք եւ մեծաւ շքով մեծարուեցաւ Վաղէսէ (ԲԶՆ. 81), բայց երբ Վաղէսի տղան բժշկելու հրաւիրուեցաւ, նա ուղղափառ...