ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ (103)

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – Յուսիկ կաթողիկոսի Ձեռնադրութիւնը․

Խորենացին շատ պարզ կերպով կը յիշէ Յուսիկի կաթողիկոսանալը, թէ յաջորդէ զաթոռն Յուսիկ որդի նորին (ԽՈՐ. 197), եւ ուրիշ Հայ պատմագիրներ ալ նոյն կերպով կը խօսին եւ ձեռնադրութեան հանդէսի յիշատակութիւն չունին։ Միայն Բուզանդ կը պատմէ թէ ըստ սովորութեան օրինակին, Տիրան մեծամեծ նախարարներէն 13 հատ ուղեկից ընտրեց, եւ ամէնքը մէկէն ճամբայ դրաւ, որ Կեսարիա երթան եւ Յուսիկը ձեռնադրել տան ի կաթողիկոսութիւն, եւ թէ այնպէս ընել տուին, եւ նստուցին զնա յաթոռն առաքելոյն Թադէոսի եւ յաթոռ իւրոյ հաւուն մեծին Գրիգորի (ԲԶՆ. 30)։