ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ (116)

ՈՒՍՈՒՄՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ – Ներսէս Մէծ կաթողիկոսի ուսման և ամուսնութեան տարիները։

Ցարդ պատմուածներէն յայտնի եղած է թէ որոնք էին Ներսէսի նախնիքը, որ մնացած էր իբր միակ շառաւիղ Լուսաւորչի տոհմին, Աթանագինէի եւ Բամբիշի զաւակ. հայրը եղերական կերպով մեռած, ինչպէս յիշեցինք (§ 113), իսկ մայրը տակաւին կենդանի կաթողիկոսութեան ընտրուած ատեն (ԲԶՆ. 69)։