ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄ (180)

Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստ եւ անդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ’արժէ, որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք։ Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք (§ 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով։ Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր...