ԿՐՕՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (183)

Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր՝ ունենալով նաեւ աշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն՝ ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա,...

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (181)

Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն...

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (102)

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի ամուսնական կեանքը․

Յուսիկի կեանքին համար նորօրինակ պարագաներ կը պատմէ Բուզանդ, զորս յիշել աւելորդ չենք համարիր տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար։ Ամուսնական առաջին գիշերն իսկ կը յղանայ Յուսիկի կինը. Յուսիկ տեսիլ կը տեսնէ թէ յղացեալներ երկուորեակ են, եւ երկուքն ալ Աստուծոյ պաշտօնեաներ պիտի չըլլան։ Այդ պարագան զինքը կը տխրեցնէ, եւ ամուսնացած ըլլալուն կը զղջայ, որովհետեւ միայն իր պապին սերունդէն պաշտօնէից չպակսելուն համար ամուսնացած էր։