ՍՈՒՐՄԱԿ ԵՒ ԲՐՔԻՇՈՅ (213)

Այդ կացութեան ներքեւ Սուրմակ եւ ոչ իսկ իր կուսակից նախարարները կրցաւ գոհացնել, եւ շուտով ի նոցին նախարարացն հալածեցաւ յաթոռոյն, որոնք տարի մը ետքը Վռամի դիմելով նոր կաթողիկոս ուզեցին (ԽՈՐ. 265), ինչ որ Պարսից արքունեաց համար անտարբեր բան մըն էր, եւ գանձուելիք...

ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով ներկայացուցին իրենց ամբաստանութիւնները, Վռամ գործին օրինական ձեւ տալու համար, Արտաշիրն ու Սահակն ալ Տիզբոն կանչեց, եւ անոնք իրենց հաւատարմութիւնը ջատագովեցին։ Վռամ կ’աշխատէր, որ Սահակը պաշտօնի վրայ մնայ, եւ Սուրէն Պահլաւին...

ՍԱՀԱԿԻ ՎՐԱՅ ԲՌՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ (210)

Մեսրոպ կը դառնար, բայց այս անգամ մխիթարական պարագաներու մէջ չէր կատարուէր երկու ամոլակիցներու հանդիպումը։ Երբոր Մեսրոպ կրթական առաւելութեամբ կը շրջէր զանազան կողմեր, Սահակ քաղաքական հոգերով ծանրացած, եւ անհաճոյ դիպուածներու առջեւ, սաստիկ նեղութեանց ներքեւ ինկած էր, եւ...

ՍԱՀԱԿԱՅ ԿԱՆՈՆՆԵՐ (198)

Դիտելու արժանի է, որ այս ընդարձակ գրական աշխատութեան մեջէն, գրեթէ ոչինչ, կամ շատ քիչ բան կը գտնենք, որ Սահակի եւ Մեսրոպի անունով մակագրուած ըլլայ, եւ բոլոր թարգմանութիւնները անանուն կերպով հասած են մեզ, իբրեւ հինգերորդ դարու թարգմանչաց խումբին գործը։ Սակայն այս ալ...

ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ (182)

Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ...