ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ԱԹՈՌ (160)

Կեսարիոյ եւ Հայոց աթոռներուն յարաբերութիւնները կ’երեւի թէ ուրիշ ժամանակներ ալ տեսակ մը խնդրոյ նիւթ եղած են, որ անոնց խզուելուն կերպ կերպ մեկնութիւններ փնտռուած են։ Ասոնցմէ մէկն է եւ այն ձեւը, զոր տուած է Ներսէսի հին կենսագիր մը, որուն հետեւած է նաեւ Պատմաբան...

ԲԱՐՍԵՂԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ (159)

Բուզանդ անուն չի տար, թէ այդ որոշումները տուող Կեսարիոյ եպիսկոպոսը ով էր, սակայն ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է Բարսեղ Կեսարացին ըլլայ, որ 370էն մինչեւ 379 Կեսարիոյ աթոռին վրայ էր, եւ ան միայն կրնար 373ին որոշումներ տալ։ Եթէ որեւէ աննշան եւ անծանօթ անձ մը...

ԿԵՍԱՐԻԱ ՉԵՐԹԱԼԸ (158)

Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ՝ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228)։ Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ’ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ։ Մենք ալ այդ միջամտութիւնը...

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՈՒԼՆԵՑԻ (133)

Այստեղ պատշաճ կը սեպենք միջանկեալ կերպով յիշատակել Ստեփանոս Ուլնեցիի նահատակութիւնը, իբր զուտ ազգային յիշատակ մը, թէպէտ հռոմէական սահմաններուն մէջ կատարուած, Յուլիանոսի Պարսից դէմ գացած միջոցին։ Ստեփանոս Փոքր Հայոց Կոկիսոն, այժմ Կէօքսու քաղաքը բնակող եռանդուն հայ...