ՄԵՍՐՈՊԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ (206)

Սահակի մեկնելէն ետքը, Մեսրոպ արդիւնաւոր կերպով վարեց իր պաշտօնը յունական բաժնին մէջ, ամէն կողմ դպրոցներ բացաւ եւ տեսուչներ հաստատեց։ Գնիթ եպիսկոպոս Դերջանի դպրոցներուն վերակացութիւնը ստանձնեց, Դանան Եկեղեցացիի յանձնուեցան Եկեղեաց, այսինքն՝ Երզնկայի գաւառին դպրոցները,...

ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ (123)

ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ – Ներսէս Մեծ կաթողիկոսը վանքերի և դպրոցների հիմնադիր։

Երկրորդ կէտը, որուն մտադրութիւն դարձուց Ներսէս, եկեղեցականները եղան, եւ յայտկապէս վանական կոչում ունեցողներ, եւ վիճակներու եպիսկոպոսներ, որք քաղաքներու մէջ եւ ընտանիքներու մօտ սկսած էին ապրիլ ազատ կեանքով։