Հունվ․ 17, 2013 | Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (82-86)
ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ – Արիստակէս հայրապետի մահուանն առնչուող պատմական իրադարձութիւնները․ Պատմութիւնը աղքատ է Արիստակէսի գործունէութեան մանրամասնութեանց մասին, եւ չի ներկայեր մեզի յատուկ եղելութիւններ նորա արդիւնաւորութիւնը բացատրելու համար։ Բայց ամենուն տեղ կրնայ անցնիլ իր հայրն ալ գերազանցած ըլլալուն վկայութիւնը (ԱԳԹ. 453)։
Հունվ․ 17, 2013 | Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (82-86)
Արիստակես կաթողիկոսի հայրապետական գործերը․ Արիստակէս հօրը կենդանութեան ժամանակէն հայրապետական գործունէութիւնը ստանձնած էր, իբր իր հօրը պարտքն ու պատասխանատուութիւնը լրացնող։
Հունվ․ 17, 2013 | Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (82-86)
Ս․ Արիստակէս կաթողիկոսի նախընթաց կեանքը, մինչ կաթողիկոսանալը․ Արիստակէսի անցեալը փոքրիշատէ արդէն ակնարկուած ըլլալով, ընդարձակելու պէտք չունինք։ Գրիգորի եւ Մարիամի երկրորդ զաւակը, ծնաւ 264–ին մերձաւորապէս, եւ հօրը մեկնելէն ետքը մօրը հետ անցուց մանկութիւնը իր ծննդավայրը եղող Կեսարիայի մէջ։