ԳՐԻԳՈՐԻՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ (99)
Աղուանքի Գրիգորիս կաթողիկոսի նահատակութիւնը․
Գրիգորիսի պաշտօնավարութիւնը եւ արդիւնքը կատարելապէս արդարացուցին իր վրայ դրուած ակնկալութիւնները, եւ քրիստոնէութիւնը ամրացնելու ու եւս քան զեւս տարածելու աշխատեցաւ, իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան ունենալով Սանատրուկ Արշակունին, որ հիւսիսակողմանց բդեշխ էր դրուած Տրդատէն, եւ Գուգարաց եւ Փայտակարանի նահանգներէն զատ, Վրաց եւ Աղուանից երկիրներուն վրայ ալ գերիշխանութիւն կը վարէր, եւ Կովկասեան բազմաճղի ցեղերուն վրայ ազդեցութիւն ունէր, հիւսիսէն մինչեւ Մազքթաց երկիրը եւ հարաւէն մինչեւ Ատրպատական։