ԶՈՒԻԹԱ ԵՒ ՀԱՄԱԶԱՍՊՈՒՀԻ (146)

Նահատակներու բազմութեան մէջէն, միայն երկուքին անունը պահած է մեզի պատմութիւնը։ Արտաշատցի Զուիթա քահանան, աշակերտ Ներսէսի (ԲԶՆ. 180), այր բարձր եւ անձնեայ (ԲԶՆ. 179), ուսկից պահ մը պատկառելով ազատ թողած էին, կամովին հետեւեցաւ գերութեան, ըսելով, թէ՝ ոչ է մարթ հովուի...