ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ (115)

ՇԱՀԱԿ ՏԵՂԱԿԱԼ – Շահակի վարկածը որպէս Փառէն կաթողիկոսի յաջորդ։

Փառէն կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր այդ ամէն եղելութեանց մէջ, եւ հնար ալ չէր, որ բացարձակ ճգնաւորութեամբ ապրած ութսունամեայ ծերունի մը կարենար քաղաքական եւ պատերազմական ծանր գործողութեանց մասնակցիլ։ Իրեն մահն ալ չուշացաւ, եւ նորէն աթոռոյ պարապութեան խնդիրը մէջտեղ ելաւ։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ (111)

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ – Փառէն կաթողիկոսի ձեռնադրութեանն առնչուող խնդիրներ։

Փառէնի կաթողիկոսանալը պարզապէս տեղական գործադրութեամբ լրացեալ գործ մը կը տեսնուի՝ Խորենացիի գործածած ընտրեցին եւ կացուցին քահանայապետ բացատրութենէ (ԽՈՐ. 202)։

ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ (110)

ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ – Փառէն Ա․ Աշտիշատեցու ընտրութիւնը։

Երբոր Դանիէլի սպաննութեամբ եւ Յուսիկի որդիներուն վերջնական դիմադրութեամբ, կաթողիկոսութեան հաւանական ընտրելիները պակսեցան եւ ուրիշի դիմել հարկ եղաւ, կամ եղեւ ամենեցուն առհասարակ, որ Լուսաւորչի ազգատոհմէն հեռանալու չէ․․․