ԳՆԷԼ ԵՒ ՏԻՐԻԹ (126)

Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւներով անցան։ Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն։ Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ...

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ (85)

ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ – Խոսրով Կոտակի գահ բարձրանալու նախադրեալները․ Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներում, եւ գլխաւորներ՝ մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ։

ՏՐԴԱՏԻ ՄԱՀԸ (84)

Տրդատ թագաւորի մահուան պատմութիւնը․ Այդ միջոցին մէջ կ’իյնայ Տրդատի մահը։ Խորենացին ցաւալի շեշտով մը կը սկսի այդ եղելութեան պատմութիւնը. Ամաչեմ, կ’ըսէ, ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն ազգիս մերոյ (ԽՈՐ. 181)։ Հայոց դարձին պատմութեան մէջ, որչափ գործ եւ արդիւնք կը վերագրուի Գրիգորի, նոյնչափ մըն ալ պէտք է տալ Տրդատի, որ իրօք եւ ճշմարտութեամբ առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը եղաւ Հայաստանի մէջ։

ՏՐԴԱՏԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ (65)

Գրիգոր մինչեւ սահմի 7, կամ Նոչեմբեր 17 Տարօնի մէջ մնալէ, եւ նահանգին ամէն կողմերը քրիստոնէութիւնը ամրացնելէ ետքը, ճամբայ ելաւ երթալ Բագրեւանդ, ուր էր Բագաւանը կամ Դիցաւանը, հեթանոսական պաշտամանց մեծ կեդրոններէն մին, եւ բոլոր անցած տեղերը, շինէր եկեղեցիս եւ առնէր...