ԴԱՎԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԸ (92)

ԴԱՎԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԸ – Դավաճանութեան փորձ Վրթանէս կաթողիկոսի նկատմամբ։

Եթէ Վրթանէսի արդիւնքն ու արժանիքը գնահատելի եւ գովելի էին ոմանց համար, նոյները պէտք էր թշնամութեան յորդորէին ուրիշները, որ անոր ուղղութեան հակառակ կը քալէին։

ՏԻՐԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ (91)

ՏԻՐԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ – Վրթանէս կաթողիկոսը Տիրանի թագաւորութեան տարիներին։

Աւելի կարեւոր գործունէութեան ասպարէզ կը բացուէր Վրթանէսի, երբոր Խոսրով Բ. Կոտակ կը մեռներ 339-ին, եւ կը թագաւորէր իր որդին Տիրան, եւ ծանր դժուարութեանց կը հանդիպէր, որովհետեւ Շապուհ հզօր բանակով մը իր իսկ որդին Ներսէհը Հայաստան կը ղրկէր, երկիրը գրաւելու եւ այնտեղ թագաւորելու համար։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ (90)

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ – Վրթանէս կաթողիկոսի քաղաքական գործունեութեան մասին։

Վրթանէս հայրապետի գործունէութեան պարագաները ուսումնասիրելով կը տեսնենք անոր վրայ քաղաքական գործերու մէջ փորձառու յաջողակութիւն մը, որով գիտէ պետական եւ դիւանագիտական խնդիրներու մէջ նախաձեռնութիւն ստանձնել, եւ դժուարակնճիռ առիթները դիւրին լուծման յանգեցնել։

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ (89)

ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ – Վրթանէս հայրապետի կաթողիկոսութեան տարիների ճշգրտում։

Վրթանէս 333-ին հայրապետ հռչակուած ատեն 71 տարեկան եղած կ’ըլլայ, իսկ իր պաշտօնավարութեան տեւողութեան համար նշանակուած 15 տարին, դժուարին կը լինի պատմական հանգամանքներու համաձայնեցնել, ուստի ․․․

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ (88)

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ – Վրթանէս կաթողիկոսի եկեղեցական դառնալու պատմութիւնը։

Բայց եթէ Վրթանէս եկեղեցական չէր Հայաստան եկած ատեն, եւ իր կրտսեր եղբօրմէն առաջ եկեղեցականութեան չմտաւ, աներկբայապէս աւելի ոչ այդ կոչումը ընդունեցաւ, եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները իր հօրմէն ստացաւ։ Այս կարծիքը բնական կերպով կը հետեւի Վրթանէսի հայրապետութեան անցնելուն մասին պատմիչներուն գործածած բացատրութենէն, վասնզի կը գոհանան յաջորդեաց զաթոռն (ԽՈՐ. 179), եւ եղեւ քահանայապետ (ԲԶՆ. 6) բառերով, ոչ ընտրութիւն, ոչ ձեռնադրութիւն, եւ ոչ Կեսարիայի խօսք չեն ըներ բնաւ։