ՇԱՊՈՒՀ ԹԱԳԱՒՈՐ (201)

Թագաւորական գահը նորէն դատարկ մնաց 415-ին, եւ մեջտեղը միայն 11 տարեկան Արտաշէսը կար Արշակունի սերունդէն։ Զայն պատեհ համարեցաւ Յազկերտ, Հայոց թագաւորութեան ստուերն ալ ջնջել, եւ տակաւ հայերուն մոռցնել տալ իրենց ինքնութիւնը, եւ իր որդին Շապուհը Հայոց թագաւորի անունով...

ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ ԵՐԹԱԼԸ (185)

Այդ դարձուածներուն մէջ անհնար է Սահակը անմասն ենթադրել։ Նա Խոսրովի առաջնորդելու իսկ կարողութիւնն ունէր, եւ քաղաքական գործերէ ալ ինքզինքը հեռու չէր պահեր, ուստի պարսիկներու աչքին կասկածելի պիտի երեւար։ Նոյնիսկ Խոսրովի վրայ գրուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ...

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ (184)

Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը, միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը՝ քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք (§ 179)։ Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան։ Չենք ալ կրնար ճշդել,...

ՇԱՊՈՒՀԻ ՆԵՆԳՈՒԹԻՒՆԸ (141)

Զինուց բախտը կատարելապէս Պարսից յաջող եղած պիտի չըլլայ, եւ ոչ ալ Հայոց նպաստաւոր, որ Հայ նախարարներ պատերազմէ ձեռնաթափ լինել կը խորհին, իսկ Շապուհ ալ հաշտարար միջոցները կը նախադասէ։ Ներսէս, ընդհակառակն կ’աշխատի նախարարներուն մէջ ինկած երկպառակութիւնը դարմանել, եւ...

ՊԱՐՍԻՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ (140)

Հայերուն Բիւզանդիոնէ օգնութիւն ուզելը, հարկաւ Շապուհի հաճելի չէր ըլլար, եւ Վաղէսի ալ թոյլ ընթացքը զինք կը քաջալերէր համարձակ գործել Հայոց դէմ, առանց Բիւզանդիոնի միջամտութենէն վախնալու. քանի որ Վաղէս թէպէտ Հայերը առերես կը խաբխբէր, սակայն Յովիանոսի դաշինքը խախտելու...