ՄԱՇԹՈՑ ՄԵՍՐՈՊ (186)

Ասկէ ետքը նոր եղելութեան մը յիշատակութիւնը չունինք, մինչեւ հայերէն այբուբէնին գիւտը կամ կազմութիւնը, որուն թուականը այլեւս ընդհանուր համաձայնութեամբ հաստատուած է 404-ին։ Բաւական ընդարձակ ատեն մը, 15 տարիներու միջոց մըն է, որ առանց պատմութեան կը մնայ, սակայն սոյն այս...

ԿՐՕՆԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (183)

Սահակի նախընթաց կեանքին վրայ ունեցած տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պէտք է յառաջ բերենք Խորենացիի գրածը, թէ նա խստակրօն ճգնաւորի կեանք մը կազմած էր՝ ունենալով նաեւ աշակերտ վաթսուն ըստ նմանութեան Սպուդէից, այսինքն՝ ժրաջան կրօնաւորաց, որոնց օրինակը տեսած էր Կեսարիա,...

ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ (182)

Սահակի տեսիլքին պարունակութիւնը կրնանք այսպէս համառօտել։ Մեծ խորան մը, ճերմակ կտաւով ծածկուած, վրան լուսաւոր խաչ, խորանին մէկ փեղկը կը բացուի, եւ կը տեսնուի սեղան մը, վրան հաց եւ ողկոյզ, մօտը ձիթենի մը չորս ոստերով, երեքը մեծութեամբ ու պտղաբերութեամբ իրարու նման, եւ...

ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄ (180)

Սահակի նախընթացին վրայ թէպէտ աստ եւ անդ ակնարկներ ըրած ենք, բայց կ’արժէ, որ այստեղ ալ ամփոփում մը ներկայացնենք։ Անոր ծնունդը Կեսարիոյ մէջ եղած ըսինք (§ 116), երբ Ներսէս ու Սանդուխտ մանկամարդ ամուսիններ այնտեղ կը մնային ուսմանց հետեւելով։ Հաստատուն տեղեկութիւն մը, զոր...