ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96)

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ (96) – Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարները գտնելու մասին․

Այդ պարագան առիթ կու տայ մեզ խօսիլ Լուսաւորիչի ոսկորներուն կամ նշխարներուն գիւտին վրայ։ Եղելութիւնը ընդհանուր եւ համաձայն աւանդութեամբ հաստատուած է, ինչպէս եկեղեցական տօներուն կարգն ալ կը հաստատէ, որ փոխանակ ուղղակի Լուսաւորիչի անունին տօն մը ունենալու՝ իր մահուան յիշատակին, Գիւտ նշխարաց անունով ճանչցուած է նորա մեծ տօնը։