ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ (190)

Բայց ի՞նչ էին Դանիէլեան նշանագիրերը, որք իբրեւ բարեբախտ գիւտ մը ողջունուեցան այն ատեն։ Շատ տեսակ ենթադրութիւններ եղած են շատերուն կողմէ, առանց կարենալու վերջնական հաստատուն կռուանի մը վրայ հանգչելու, քանի որ սկզբնական պատմիչներէն ոչ մէկը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ...