Մրտ․ 3, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Սակայն կաթողիկոսական իշխանութիւնը Հայոց մէջ պարզապէս եւ բացարձակապէս եկեղեցական չէր։ Բոլոր հայրապետները յատուկ դիրք եւ յատուկ ձեռներէցութիւն կը վայելէին պետական գործերու մէջ, թէ իբր Պահլաւունեաց կամ Պարթեւազանց տան նահապետ, թէ թագաւորական տոհմին արենակից եւ խնամի...
Մրտ․ 3, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Ողիմպիադայի սպանութիւնը Արշակի սիրահարական կիրքէն զատ, կրնար քաղաքական նպատակ ալ ունենալ։ Արշակ ինչպէս փոփոխած էր իր բարոյական ընթացքը, նոյն կերպով քաղաքականն ալ այլայլած էր։ Այն յունասէր քաղաքականութիւնը, որով Արշակ կրցած էր իր թագաւորութիւնը ստանալ, եւ որով վարուած...
Մրտ․ 1, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Գնէլը հեռացուած ըլլալը չէր բաւեր Տիրիթին նախանձը յագեցնելու, վասնզի Գնէլի ձիրքերը եւ առաւելութիւնները չէին դադրած, եւ դէպ իրեն եղած համակրութիւնը՝ միասին փոխադրած էր Առբերանի եւ Աղիովիտ հեռաւոր գաւառներն ալ, որ իրեն սահման նշանակուած էին։ Տիրիթ եւ Վարդան առիթ կ’առնէին...
Փետր․ 28, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Ներսէսի հայրապետական գործունէութեան առաջին տարիները խաղաղութեամբ եւ բարեկարգական աշխատութիւներով անցան։ Դրացի պետութեանց, Յունաց եւ Պարսից ալ հաշտ քաղաքականութիւնը նպաստեցին Հայաստանի հանդարտութեան, եւ Ներսէսի բարենորոգչական ջանքերուն։ Արշակի եւ Ներսէսի մէջ ալ...
Փետր․ 28, 2013 | ՏԷՐ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ (116-156)
Քաղելով յառաջ բերինք այն տեսութիւնները, որք կը ծառայէին Ներսէսի մեծ կերպարանը նկարագրելու, եւ որք իրաւունք տուին զայն ՄԵԾՆ Ներսէս յորջորջմամբ պատուելու։ Այս ըսուածները կը պատկանին Ներսէսի ամբողջ կեանքին, որուն մասնաւոր գործերուն մասին դեռ չխօսեցանք, եւ խօսելէն առաջ...