ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ (184)

Սահակ այդ դիրքին մէջ էր, երբ բարձրացաւ կաթողիկոսական աթոռը, միջոց մը աթոռը պարապ մնալէն ետքը՝ քաղաքական յարաբերութեանց բերմամբ, ինչպէս դիտեցինք (§ 179)։ Սահակի գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 387-ին, ոչ Կեսարիոյ խօսք կար այլեւս, եւ ոչ ձեռնադրութեան։ Չենք ալ կրնար ճշդել,...