ՍԱՀԱԿԻ ԱՔՍՈՐԸ (212)

Երբոր Սուրմակ եւ նախարարները Տիզբոն հասնելով ներկայացուցին իրենց ամբաստանութիւնները, Վռամ գործին օրինական ձեւ տալու համար, Արտաշիրն ու Սահակն ալ Տիզբոն կանչեց, եւ անոնք իրենց հաւատարմութիւնը ջատագովեցին։ Վռամ կ’աշխատէր, որ Սահակը պաշտօնի վրայ մնայ, եւ Սուրէն Պահլաւին...

ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐ (202)

Գիրի վերջնական գիւտէն՝ 406-ին, մինչեւ Խոսրովի մահը՝ 415ին, երկրին խաղաղ կառավարութեան ատեն, Սահակ պատեհ գտաւ Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ ընդարձակել Հայ լեզուի ուսուցումը, եւ բարեկարգել հայ ծէսով կատարուած արարողութիւնները։ Երկիրը նոր ոգի եւ նոր պայծառութիւն ստացաւ,...

ՆԱԽՆԵԱՑ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՔ (197)

Ազգային դպրութեան կազմութիւնը չէր լրանար Սուրբ Գիրքի եւ ծիսարաններու պատրաստութեամբ, եւ պէտք էր մատենագրութեանց պաշար մըն ալ կազմել ժամանակին պէտքերուն բաւարարութիւն տալու համար։ Այս ալ չվիրպեցաւ Սահակի եւ Մեսրոպի տեսութենէն։ Ինչպէս ամէն նոր սկսող գործառնութեանց համար...

ՆՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (194)

Գիրի վերջնական կազմութենէն ետքը, նոր զարկ տրուեցաւ ազգային դպրութեան եւ ազգային դաստիարակութեան։ Սահակի կաթողիկոսութենէն առաջ կազմուած աշակերտներուն, աւելցան Մեսրոպի հասուցած 40 աշակերտներն ալ (ՍՈՓ. Բ. 9), որք առհասարակ Թարգմանիչ անունով ճանչցուած էին, եւ եկեղեցական...

ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ (190)

Բայց ի՞նչ էին Դանիէլեան նշանագիրերը, որք իբրեւ բարեբախտ գիւտ մը ողջունուեցան այն ատեն։ Շատ տեսակ ենթադրութիւններ եղած են շատերուն կողմէ, առանց կարենալու վերջնական հաստատուն կռուանի մը վրայ հանգչելու, քանի որ սկզբնական պատմիչներէն ոչ մէկը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ...