ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (181)
Սահակի ընտանեկան վիճակին գալով, հնար չէ շատ յետաձգել անոր ամուսնութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեան, որ Սահակի թոռն է, 417-ին, դեսպանութեամբ Բիւզանդիա կը ղրկուի (ԽՈՐ, 252), եւ այնտեղ կայսրութեան կողմանէ ստրատելատի աստիճան ու պաշտօն կը ստանայ (ԽՈՐ, 254)։ Արդ, ենթադրելով, որ այն...ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ (102)
ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ – Յուսիկ կաթողիկոսի ամուսնական կեանքը․
Յուսիկի կեանքին համար նորօրինակ պարագաներ կը պատմէ Բուզանդ, զորս յիշել աւելորդ չենք համարիր տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար։ Ամուսնական առաջին գիշերն իսկ կը յղանայ Յուսիկի կինը. Յուսիկ տեսիլ կը տեսնէ թէ յղացեալներ երկուորեակ են, եւ երկուքն ալ Աստուծոյ պաշտօնեաներ պիտի չըլլան։ Այդ պարագան զինքը կը տխրեցնէ, եւ ամուսնացած ըլլալուն կը զղջայ, որովհետեւ միայն իր պապին սերունդէն պաշտօնէից չպակսելուն համար ամուսնացած էր։