ՄԱԿԱՐԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ (93)
ՄԱԿԱՐԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ – Երուսաղեմի Մակար եպիսկոպոսի կանոնները ուղղված հայերին։
Վրթանէսի քաղաքական գուծունէութեամբը զբաղեցանք ցարդ, սակայն ոչ նուազ հոգածու էր նա եկեղեցական բարեկարգութեանց մասին, ինչպէս կը յայտնուի զանազան յիշատակներէն։ Կանոնագիրքին մէջ կը գտնուին 9 գլուխ կանոններ՝ բարոյական եւ ծիսական բարեկարգութեանց պատկանող, զորս Մակար, պատրիարք Երուսաղէմի, կը յղէ առ քրիստոսասէր եւ երկիւղած եպիսկոպոսապետդ տէր Վրթանէս, եւ առ համօրէն եպիսկոպոսս եւ քահանայս Հայոց (ԹՂԹ. 408)։